Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Ո՞ւր Ենք

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Կրկնութիւններու պարագային ժողովրդային լեզուով կ’ըսենք – կեն-օ-կօ, կօկօ…իսկ տեղացիները՝ դիդդի-դիդդի, մթըլ մա րահդի ժիդի – այսինքն՝ ինչպէս որ գացիր, այդպէս եկար. բան չէ փոխուած: Իսկ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի փոխուէր, երբ հարցը արմատական բնոյթ կը կրէ: Իսկ արմատականն ալ մարդկային կազմն է, որ հազարաւոր տարիներէ խորքային ոչինչ փոխուած է, իսկ արտաքուստ՝ հազիւ նշմարելի է եւ ոչ այդքան խորիմաստ: Գերակայութեան զգացում, ոխ, քէն, նախանձ եւ դեռ՝ ինչ որ փոխ-յարաբերութեան մարզին կը վերաբերի: Դարերէ ի վեր կ’աղաչենք «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր միութիւն»: Աշխարհը մեր ձեռքերուն մէջ չէ, այլ՝ մենք աշխարհին ենթակայ, ուր չկայ խաղաղութիւն, իսկ մենք որքան տիրացած ենք սէր, միութեան:

Զրկուած, անզօր, լացող, ծեծ կերած տղու նման սլաքներ կ’արձակենք աջ ու ձախ, կը նզովենք, կը պախարակենք, կը դատապարտենք…  խօսքով, բեմերէ, թերթերով, հրապարակային ելոյթներն ալ անպակաս չեն, առանց խոր թափանցելու երեւոյթներու տուն տուող պատճառներուն եւ ըստ այնմ՝ լուծումի: Լուծում, որ պիտի ըլլայ մեր հաւաքական մտածողութեան արգասիքը, որ շրջահայեաց՝ պատմական անցեալէն մեկնելով այս օրերու իրադարձութիւններէն մեր ընելիքները ի գործ ածէ, միշտ ալ նկատի ունենալով որ կեանքը ինքնին պատերազմ է եւ… 15 դարերէ եկող այն խօսքը որ կ’ըսէ. «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»: Խորքը եւ հաստատ յենակէտը: Մնացեալը՝ օժանդակ, որ յաճախ աւելի եւ միա՛յն իր շահադիտական կողմերով կ’առաջնորդուի, որոնց մենք մեր խեղճութեամբ այնքա՜ն կարեւորութիւն կու տանք…«Քաղաքակիրթ Աշխարհ»ի, որ ճանչցուած է իբրեւ Արեւմտեան Եւրոպան, Ամերիկան… կերպով մը քրիստոնեայ աշխարհը: Միթէ՞ մոռցուած են խաչակրաց արշաւանքները, սուրբ հողերը ազատագրելու պատրուակով, կամ Միջին դարուն հաւատաքննութեան սպանդները:

Սումկայիթեան ջարդերու անդրադառնալով, «վերջակէտ» կը գրէ.

Այստեղ կարեւոր է վկայակոչել Ազրպէյճանի Կոմունիստական Կուսակցութեան նախագահ Հիտայաթ Օրուջեւի խօսքը, որ կը հնչէր Սումկայիթի սպանդէն օրեր առաջ եւ կը սպառնար Ղարաբաղի (այն ժամանակ՝ ԼՂԻՄ) բնակիչներուն, ըսելով որ «100 հազար ազրպէյճանցիներ պատրաստ են Ղարաբաղ ներխուժել եւ այրել ձեր տուները, բռնաբարել ձեր կիները եւ սպաննել ձեզ»: (Ա.)

Աղէկ, ի՞նչ կայ այստեղ անօրինակ, երբ պատերազմական վիճակ է, եւ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը աւելի քան իննսուն տարիներ առաջ Նարիման Նարիմանովի կողմէ բնորոշուած էր: Միթէ՞ մեր մէջ տակաւին չ’երգուիր «Ստամպուլը պիտի լինի արեան ծով» չեղա՞ւ, եղաւ, բայց դժբախտաբար՝ շրջուած պարունակով…:

Իսկ թէ՝ «Ռուսիա կը խթանէ ազրպէյճանական գործողութիւնները» (Ռիչըրտ Կիրակոսեան) որքան առարկայական է եզրակացութիւնը եւ այդ միթէ պէտք չէ՞ մեզ եւս խթանէ մեր ամբողջական կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու…

Ո՞վ պիտի տայ այդ իրաւասութիւնը մեզի…

Եթէ ոչ՝ ՄԵՆՔ:

Բայց Մենք ո՞ւր ենք… Հայաստա՞ն, Արցա՞խ, թէ ամէն տեղ… թէ՝

Կը տատանինք… հաստատ վէմի փնտռտուքով:

Վերջը բարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին