ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին ծիրէն ներս Մարտ 1-5 պիտի կայանայ Հայաստանի էսդրատային ճազ նուագախումբի (գեղարուեստական ղեկավար` Արմէն Հիւսնունց) համերգային ուղեւորութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ:
Նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նուագախումբը Մարտ 1-ին ելոյթ պիտի ունենայ Սիսիանի Համօ Սահեանի անուան մշակոյթի պալատին մէջ, Մարտ 2-ին` Գորիսի Վ. Վաղարշեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, Մարտ 3-ին` Խնձորեսկի մշակոյթի տան մէջ, Մարտ 4-ին` Կապանի մշակոյթի տան մէջ եւ Մարտ 5-ին Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրը մեկնարկած է Յունուար 26-ին: Ծրագիրին ծիրէն ներս, ՀՀ եւ ԼՂՀ 130 համայնքի մէջ, ընդհանուր առմամբ, պիտի իրականացուի 426 ձեռնարկ` թատերահամերգային ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ, շարժանկարի ցուցադրութիւններ: