Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»ը զրուցած է թուրք լուսանկարիչ Ումութ Վետաթի հետ, որ շրջած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանով ու իրեն համար բացայայտած հայերն ու անոնցմէ մնացած ժառանգութիւնը:
Թուրք լուսանկարիչը պատմած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին քանդուած կամ իբրեւ ախոռ օգտագործուող եկեղեցիներու ու այլ պատմական յուշակոթողներու իր լուսանկարներու ցուցահանդէսը տեսնելով՝ շատ մարդիկ արտայատուած են․ «Այո, գիտէինք, որ նման բան կայ, բայց այս աստիճան չէինք պատկերացներ»:
Ըստ Վետաթին` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին ամենամեծ արգելքը Թուրքիայէն ու այդ երկրի հասարակութենէն եկող «ես»ի զգացումն է: «Պէտք է մէկ կողմ դնել այդ «ես գիտեմ»ը:
Վետաթ այժմ կ’ապրի Թիֆլիս, աշխոյժ շփումներ հաստատած է նաեւ Վրիրահայոց հետ, որոնց մասին նոր ֆիլմ պատրաստած է:
«Ժամանակին հայերը կը կազմէին Թիֆլիսի բնակչութեան 70 տոկոսը, հիմա այդ տոկոսը հազիւ 5-ի կը հասնի: Այս թեմային մասին ոչ ոք կը խօսի: Անշուշտ, որ այստեղի ձուլման քաղաքականութիւնը այդքան ալ ուժեղ չէ, որքան Թուրքիոյ մէջ: Ֆիլմս աւելի շատ ոչ թէ ատոր, այլ հայերուն` Թիֆլիսի վրայ ունեցած մշակութային հզօր ազդեցութեան մասին է», պատմած է Վետաթը: