Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

«Մշակութային Կանգառ». ՀՀ Էսդրատային Ճազ Նուագախումբին Ուղեւորութիւնը Սիւնիք եւ Արցախ

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին ծիրէն ներս Մարտ 1-5 պիտի կայանայ Հայաստանի էսդրատային ճազ նուագախումբի (գեղարուեստական ղեկավար` Արմէն Հիւսնունց) համերգային ուղեւորութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ:

Նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նուագախումբը Մարտ 1-ին ելոյթ պիտի ունենայ Սիսիանի Համօ Սահեանի անուան մշակոյթի պալատին մէջ, Մարտ 2-ին` Գորիսի Վ. Վաղարշեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, Մարտ 3-ին` Խնձորեսկի մշակոյթի տան մէջ, Մարտ 4-ին` Կապանի մշակոյթի տան մէջ եւ Մարտ 5-ին Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրը մեկնարկած է Յունուար 26-ին: Ծրագիրին ծիրէն ներս, ՀՀ եւ ԼՂՀ 130 համայնքի մէջ, ընդհանուր առմամբ, պիտի իրականացուի 426 ձեռնարկ` թատերահամերգային ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ, շարժանկարի ցուցադրութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին