Կիրակի՝ 26 Փետրուար 2017-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» շարժման պատանի-ուսանողները, «Թէքէեան կեդրոն»էն ներս նշեցին հայկական աւանդական Բուն Բարեկենդանը:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, «Միրաք»ի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան նախքան տօնական ծրագրի մեկնարկը, անդամներուն յայտարարեց նորակազմ երիտասարդ խումբի մասին, որուն՝ իր առանձին ծրագիրներու կողքին, պիտի վստահուի նաեւ «Միրաք»ի ծրագիրներու իրականցման աշխատանքները:
Երիտասարդ խումբի անդամներէն Մարինա Յարութիւնեան, «Միրաք»ի անդամներուն ներկայացուց Բարեկենդանի տօնի ծագման, ծէսերուն եւ աւանդոյթներուն մասին, ընդգծելով, որ բացի կերուխումէ եւ զուարճալի ժամանակ անցընելէ, Բարեկենդանը բարութիւն տարածելու եւ բարի գործ ընելու տօն է:
«Միրաք»ի անդամները այնուհետեւ բաժնուեցան երկու խումբերու, օրուայ թեմայով ներկայացում պատրաստելու համար: Մարինա Յարութիւնեան եւ Վահան Անանեան, որ դերասանական փորձառութիւն ունին եւ մասնակցած են տարբեր ներկայացումներու, յանձն առին Յ. Թումանեանի «Բարեկենդանը» եւ Աթաբէկ Խնկոյեանի «Մուկն ու կատուն» հեքիաթներու բեմականացումը:
«Միրաք»ականներու յաջող եւ ստեղծագործ ներկայացումէն ետք, սկիզբ առաւ դիմակահանդէսի մրցոյթը. տարբեր կերպարներու տեսքով դիմայարդարուած եւ ծպտուած պատանիները ցուցադրեցին իրենց հետաքրքրական մտայղացումներով պատրաստուած կերպարները:
Լաւագոյն ծպտուած անդամներու ընտրութիւնը գնահատուեցաւ իրենց ընկերներու ծափողջոյններու ձայնի բարձրութեամբ: Ամենաբարձր ծափողջոյններուն արժանացան Յասմիկ Խանէսեանն ու Զաւէն Աբգարեանը:
Նորաստեղծ երիտասարդաց խումբի նոր անդամներէն Քրիսթինէ Գալստեան, որ լրագրութեան բաժնի ուսանող է, ամփոփ թղթակցութեամբ մը իր տպաւորութիւնները թուղթին յանձնեց, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-
«Փետրուարի 26-ին «Միրաք» շարժման պատանիները Թէքէեան կեդրոնում նշեցին Բուն Բարեկենդանը: Կեդրոնում տիրում էր տօնին յատուկ ուրախութիւնն ու խրախճանքը: Այն աւելի ամբողջական դարձաւ, երբ բոլորը սկսեցին միմեանց հետաքրքիր կերպարներներ հաղորդել՝ մուկ, կատու, գիւղացի կին, թիթեռ, ծաղրածու:
Միջոցառման սկզբում երեխաները խօսեցին տօնի նշանակութեան մասին, եւ թէ ինչպէս են այն նշում: Այնուհետեւ հանդէս եկան երկու փոքրիկ ներկայացմամբ, որոնց այնքան մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուել էին: Ներկայացումների հիմքում Յ. Թումանեանի «Բարեկենդանը» եւ Աթաբէկ Խնկոյեանի «Մուկն ու կատուն» հեքիաթներն էին:
Յատկանշական է այն, որ թէեւ երեխաներից շատերն առաջին անգամ էին տեսնում միմեանց, տօնն իր ողջ խանդավառութեամբ միացրեց ու աւելի ամրապնդեց կապը պատանիների միջեւ»: