Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Արցախ Են Հայաստանի Բարձրաստիճան Դիւանագէտները` Նալպանտեանի Գլխաւորութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական կառոյցի եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչները` արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ:

Ըստ ԱՀ նախագահի պաշտօնական կայքէջին, հանդիպման անդրադարձ եղած է երկու հայկական Հանրապետութիւններու քաղաքականութեան, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն:

Բակօ Սահակեան նշած է, որ նման այցելութիւնները դարձած են աւանդական եւ կը կրեն պարբերական բնոյթ` կարեւորելով ատոնց նշանակութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան խորացման տեսանկիւնէ:

Հանդիպման ընթացքին Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման գործընթացին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգի խումբ մը դիւանագէտներ պարգեւատրած է ԼՂՀ պետական պարգեւներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին