Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» Պալէի Անդրանիկ Ներկայացումը Պիտի Կայանայ Մարտին

Մարտ 5-ին, ժամը 19:00-ին, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» պալէի անդրանիկ ներկայացումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը։

Բեմադրութիւնը իրականացուցած է` թատրոնի գլխաւոր պալէի ներկայացուցիչ, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Վիլէն Գալստեան: Բեմադրութեան եւ զգեստներու նկարիչն է ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Աւետիս Բարսեղեան: Ներկայացման բեմադրող խնբավարն է Յարութիւն Արզումանեան: Գլխաւոր դերերով հանդէս պիտի գան ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Ռուբէն Մուրատեանը (Արբենին), Մերի Յովհաննիսեանը (Նինա), ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Մարիա Դիւանեանը (Շտրալ), Միլիտոն Կիրակոսեանը (Զուեզդիչ), Գրիգոր Գրիգորեանը (Անյայտը), սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեանը (Նինայի ձայն):

1941 թուականին Արամ Խաչատուրեան ռուսական դասական երաժշտութեան աւանդոյթներով գրած է երաժշտութիւն` Մ. Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս» դրամայի (Մոսկուայի Եւկենի Վախթանգովի անուան թատրոն), իսկ 1954 թուականին Բ. Լաւրենէովի «Լերմոնտով» տրամայի (Մոսկուայի Մ. Գորկիի անուան թատրոն) բեմադրութիւններուն համար: 1982 թուականին երաժշտահան Էդգար Յովհաննիսեան, այդ երկու դրամաներու երաժշտութեան հիման վրայ ստեղծած է «Դիմակահանդէս» պալէն, որ բեմադրուած է Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ, այնուհետեւ` Օտեսայի օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ:

«Ես կ’ապրէի այդ դրամայով, երաժշտութիւնը սրտի թրթիռով կը գրէի: Իսկ թէ ինչպէս ծնունդ առաւ անիկա, բառերով դժուար է արտայայտել…»,- «Դիմակահանդէս» պալէի վրայ տարուող աշխատանքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները յետագային այսպէս կը ներկայացնէր երաժշտահան Արամ Խաչատուրեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին