Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Յանցագործութիւնը Հին Է, Բայց Չէ Մոռցուած Սումկայիթեան Ջարդերէն 29 Տարի Անց

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

1988-ի սումկայիթեան ջարդը թերեւս պատասխանն էր հայութեան պահանջատիրութեան: Պաշտօնական աղբիւրը աւելի ուշ կ՛ըսէ 27 հայ սպանուած է, ոչ պաշտօնականը կ’ըսէ՝ քանի մը  հարիւր: Թիւերու տարբերութիւնը երեւոյթի բովանդանութիւնը չի փոխեր: Անոնք սպանուեցան հայ ըլլալու համար:

Մուսայէլեանները երջանիկ փրկուածներէն են: Ընտանիքի մայրը այդ օրերու խառնաշփոթը կը յիշէ, թէ անոնց Սումկայիթի 12-րդ միկրոշրջանէն Ստեփանակերտ հասցուց, ամուսինի հայրենի քաղաքը: Ուշացումով Սումկայիթ մտած խորհրդային զօրքերը փրկած են հարեւանի տունը թաքնուած ընտանիքը: «Իրենց տունը 3 օր մնացինք: Յետոյ, երբ ռուսերը եկան, տան աղջիկը գնաց անոնց ըսաւ, որ իրենց տունն ենք: Եկան մեզի տարին շարժանկարի սրահ: Այնտեղ պահեցին 6 օր: Յետոյ գնացքով ճանապարհեցին»,- կը յիշէ Սիլվա Խաչատուրեանը:

Մինվոդի, Եսենտուկի, Երեւան եւ վերջապէս՝ Ստեփանակերտ: 1988-ի Ապրիլին Մուսայէլեաններու ընտանիքը արդէն հայրենիք հասած էր: Հազարաւոր ընտանիքներ, սակայն, հայրենիք չեկան: Սումկայիթը սկիզբն էր: 1988-1991թթ.  ջարդերու եւ հետապնդումներու հետեւանքով  քանի մը հարիւր հազար ազրպէյճանահայեր համալրեցին հայկական Սփիւռքի շարքերը: «Ամենաշատը Ռուսաստան գացին, յետոյ՝ ԱՄՆ: Եւրոպան երրորդ տեղն է: Անոր նպաստեց այն, որ գրեթէ բոլորը ռուսախօս էին»,- վիճակագրութիւնը կը ներկայացնէ ԼՂՀ փախստականներու միութեան նախագահ Սարասար Սարեանը:

Անկախ գտնուելու վայրէն՝ այս օրերուն բոլոր հայերը կը յիշեն Սումկայիթեան ջարդի զոհերը: Ազրպէյճանահայերու հանդէպ գործած յանցանքներու դիմաց հատուցման պահանջն ալ աստիճանաբար համազգային պահանջատիրութեան մաս կը դառնայ: «Այդ ցոյցերուն, որ այս օրերուն կը կազմակերպեն մեր սփիւռքահայերը տարբեր երկիրներու մէջ աազրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ, նաեւ ազրպէյճանահայութիւնը կը մասնակցի»,- կը վստահեցնէ Սարասար Սարեանը:

Իսկ Արցախի մէջ ոչ թէ ցոյցերով, այլ յիշատակի ձեռնարկներով կը յարգեն սումկայիթեան ջարդի զոհերը: Ստեփանակերտի յուշահամալիրը անոնց յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձաններէն մէկն է: Ճիշդ այնտեղ  կ’ուղղուի մարդոց՝ անվերջանալի թուացող հոսքը:  Յուշահամալիրի մէջ էր նաեւ Արցախի նախագահը: Արցախի թեմի առաջնորդը հոգեհանգիստի կարգ  կատարած է: Հարցի քաղաքական մասը արտգործնախարարը  մեկնաբանած է: Անթոյլատրելի է հակամարտութեան առաջին զոհերը անտեսելը, կը բացառէ ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Կարէն Կիրզոյեանը. «Մեր մօտեցումը հետեւեալն է. կարգաւորման ցանկացած ձեւ պէտք է հաշուի առնէ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Հնարաւոր չէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ հաշուի չառնէ այդ մարդոց իրաւունքները, այդ մարդոց ճակատագիրը»:

Լուծումը, որ այսօրուան բանակցային գործընթացին մէջ կ’անուանուի փախստականներու վերադարձ իրենց բնակութեան վայրերը՝ հայ փախստականներու համար անընդունելի է: «Ամենավատ երազի մէջ ալ չենք պատկերացներ, որ կրնանք վերադառնալ Պաքու, Սումկայիթ, ուր այսօր ալ հակահայ հիստերիան կը շարունակուի»,- հաւանականութիւնը զերոյական կը համարէ ԼՂՀ փախստականներու միութեան նախագահը:

Փախստականներէն շատերը Արցախի մէջ ապաստան գտած են: Եթէ ճանաչուած պետութիւններու մէջ հաստատուած ընտանիքները կրցած են փախստականի կարգավիճակ ստանալ, ապա Արցախի մէջ ապաստանածներու հետ առնչուելու պարագային միջազգային կառոյցները առայսօր ձեռնպահ կը մնան՝ անոնց հոգածութիւնը ամբողջութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ուսերուն ձգելով:

Ստեփանակերտ

2

3

5

6

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին