Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Տխուր Իրավիճակ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ առաւօտեան, տղուս հետ, ինքնաշարժիս մէջ, Պէյրութի խճողումին պատճառած ջղայնութիւնը վանելու փորձով Հայկական ռատիօ մը ուզեցինք լսել:

Հաճելի եւ թեթեւ ծրագիր մը կը սփռուէր, որուն մէջ ընդգրկուած էր նաեւ բաւական օգտաշատ բաժին մը՝ «պահուած բառը»: Հաղորդավարները իւրաքանչիւր հեռաձայնող ունկնդիրի յաւելեալ տեղեկութիւն մը կու տային պահուած բառին մասին՝ փորձելով մօտեցնել կամ յուշել պատասխանը:

Մինչեւ հոս հոյակապ է եւ դաստիարակչական: Տրամադրութիւնս սկսաւ բարձրանալ մինչեւ, որ սկսայ լսել հեռաձայնող ունկնդիրներուն անհաւատալի տգիտութիւնը՝ իրենց հայագիտական իմացութեան վերաբերեալ:

Պահուած բառը գրագէտի մը անունն էր, որուն մինչ տրուած տեղեկութիւնները գրեթէ յստակացուցած էին անունը, ինչպէս՝ 19-րդ դարուն ապրած, արեւմտահայ  բանաստեղծ, ունկնդիրներ կը յամառէին տալ Պարոյր Սեւակի անունը, որոնցմէ մին նոյնիսկ վերանուանեց մեծ բանաստեղծը Պարոն Սեւակ…: Ուրիշներ առանց մտածելու կը կրկնէին նախորդին տուած պատասխանը…: Յովհաննէս Շիրազ եւ Յովհաննէս Թումանեան պատասխանողներ ալ կային…:

Միայն երկու ունկնդիրներ, որոնցմէ մին, ըստ երեւոյթին, շնորհաւորելի պրպտում մը ընելով տուաւ ճիշդ պատասխանը՝ Պերտոս Դուրեան, նշելով նաեւ ծննդեան ու մահուան թուականները, իսկ միւսը՝ որ ի վերջոյ շահողը հանդիսացաւ, տուաւ նաեւ  Պետրոս Դուրեանի տիտղոսը՝ «Սկիւտարի Սոխակ»…:

Ունկնդիրներու մեծամասնութեան հայագիտական այսքան պարզ եւ ծանօթ նիւթի մը անիմացութիւնը շա՜տ զարմացուց, ամչցուց  եւ ճամբուն խճողումէն շա՜տ աւելի նեղացուց զիս….: Միակ մխիթարութիւնս տուեալ ռատիոյին դաստիարակչական խաղն էր, որ յոյսով եմ բան մը սորվեցուց եւ պիտի սորվեցնէ ունկնդիրներուն: Կը մնայ, սակայն, տուեալ տխուր իրավիճակը յանձնել Հայկական վարժարաններուն եւ անոնց պատասխանատուներուն նկատողութեան, թէ ինչո՞ւ տուեալ՝ շատ հաւանաբար մեծամասնութեամբ  հայկական դպրոցի աշակերտած Հայ ունկնդիրներու հայագիտական գիտելիքները այսքան տկար են: Տուեալ ունկնդիրները անշուշտ Լիբանանահայութիւնը կրնան չներկայացնել, սակայն պատկերը կու տան տխուր իրականութեան մը, որ անպայման պէտք է դարմանուի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին