Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան 2017 Թուականի Ծրագիրները Նուիրուած Կ’ըլլան Արցախին

Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութեան անդամները, մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ «Հայորդիք» պարախումբի սաները միացած   են   ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան   «Դուն ի՞նչ   կ´ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, ընդառաջելով ԼՂՀ կառավարութեան կոչին, Միութեան անդամները Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան միջոցով նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերեցին, ինչպէս նաեւ` զօրակցական հաւաքներ նախաձեռնեցին Պարսելոնայի մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` 2017 թուականին ընթացքին Միութիւնը նախատեսած է տարբեր բնոյթի մշակութային եւ քարոզչական ձեռնարկներ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն:

Միութիւնը, որ հիմնադրուած է 2006 թուականին, մշտապէս աշխոյժ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ` կանգնելով արցախահայութեան, Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն կանգնած զինուորներուն կողքին, ինչպէս նաեւ` կը կազմակերպէ հայաճանաչութեան ու հայապահպանութեան նուիրուած ծրագիրներ Պարսելոնայի մէջ:

Միութիւնը, նաեւ, ԻԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համատեղ կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` կարողութեան չափով կը սատարէ դեսպանութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին