Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Ճանչցիր Թշնամիդ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջերս  ընկերային համացանցի վրայ տեսերիզ մը կը տարածուի, որուն մէջ ազերի երիտասարդներ հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասընթացքի կը հետեւին…:

Ազերի աշակերտներու հայագիտութեամբ հետաքրքրուած ըլլալը ընդհանուր գիտելիքներու կամ արեւելագիտութեան ծիրին մէջ ըլլայ թէ՝ պետական ռազմավարութիւն, մեզի շատ բան պէտք է սորվեցնէ…:

Եթէ ընդհանուր գիտելիք է, ապա մեր զաւակներէն քանի՞ հոգին, շրջանցելով թրքերէնը միայն հայհոյելու համար գործածութիւնը, ակադեմական հետաքրքրութիւն ունին գիտականօրէն սորվելու զայն: Իսկ եթէ չեն սորվիր, ինչո՞ւ արդեօք..:

Իսկ եթէ պետական ռազմավարութիւն է թշնամիին լեզուն սորվիլը, դարձեալ ինչո՞ւ մենք չենք ըներ: Ազերիներ հայերէն լաւ սորվելով կրնան զայն կիրառել մեր դէմ, ինչպէս հետախուզութեան ու լրտեսութեան նպատակներու համար, այնպէս ալ մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներն ու պատմութիւնը կեղծելու կամ իւրացնելու նկատառումով, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական, քարոզչական եւ հոգեբանական պատերազմներու մէջ հայերէնի օգտագործումով մեր մէջ խառնակութիւն եւ խուճապ ստեղծելու համար: Չէ՞ք կարծեր, որ հայալեզու ազերիական կայքեր եւ ընկերային համացանցի էջեր նման դասերու շրջանաւարտներով է, որ կը բանին…:

Այս իրավիճակին դիմաց մենք թրքերէնի տիրապետող քանի՞ Հայ լրագրող ունինք արդեօք: Մեր հարիւրաւոր լրատուական միջոցներէն քանի՞ն մեր թշնամիին լեզուով լուր կու տայ իր կայքին վրայ: Քանի՞ն թուրք կամ ազերի հասարակութեան հետ կարողութիւնը ունի խօսելու իր լեզուով՝ մեր դատը հասանելի դարձնելու համար անոր:

Աթոռ-աթոռ խաղցող Սփիւռքի մեր շատ մը ազգային կառոյցներուն համար նման օգտաշատ բանի մը նուիրումը կարեւոր ռազմավարութիւն չէ՞: Հայրենի պետութիւնը պէտք չէ՞ նման բան պետականօրէն ֆինասաւորէ ու քաջալերէ երիտասարդութիւնը ընտրելու ազգանուէր այս դաշտը:

Դաշտ մը, որուն չենք տիրապետած…: Տիրապետենք քանի ուշ չէ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին