Արժանթինահայ ճանչցուած լրագրող Քլաուս Լանխէ Հազարեան միացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:
Լրագրողը «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցած է Արցախի ուղղութեամբ իր կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ խօսած է համահայկական շարժման մասին.
«Շուրջ քսանհինգ տարուան լրագրող եմ: Որպէս մասնագէտ, ինչպէս նաեւ մայրական կողմէ հայկական արիւն ունենալով` Արցախի հարցին անդրադառնալը ինծի համար շատ կարեւոր եւ օրակարգային է: Աշխարհը պէտք է ճանչնայ, յարգէ Արցախի ժողովուրդի անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Այդ նպատակով սկսայ Արժանթինի մէջ Արցախի մասին սպաներէն լեզուով տարաբնոյթ տեղեկատուութիւն տարածելու, որպէսզի Արցախն ամբողջապէս ճանչցուի: Իմ ստեղծած www.soyarmenio.com.ar («Ես հայ եմ») կայքին մէջ առանձին «Լեռնային Ղարաբաղ» բաժինը բացած եմ, ուր յօդուածներ, լուրեր եւ այլ նիւթեր կը տեղադրեմ:
Իբրեւ հայ` ցանկութիւնս է լրագրողական աշխատանքով օգտակար ըլլալ Արցախին, նպաստել, որ Արցախը աշխարհի կողմէ ճանչցուի եւ արցախցին խաղաղ պայմաններու մէջ` առանց պատերազմի ապրի:
Կը կարծեմ` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը հիանալի նախաձեռնութիւն մը սկսած է` իրականացնելով «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը եւ 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակելով:
Սա հիանալի առիթ է աշխարհասփիւռ հայերուն միախմբուելու Արցախին սատարելու խնդրին շուրջ: Ես նոյնպէս կը միանամ համահայկական շարժման, միաժամանակ ուղիներ որոնելով` իմ շրջապատիս մէջ հնարաւորինս տարածել այս ծրագիրը»: