Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութեան անդամները, մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ «Հայորդիք» պարախումբի սաները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ´ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, ընդառաջելով ԼՂՀ կառավարութեան կոչին, Միութեան անդամները Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան միջոցով նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերեցին, ինչպէս նաեւ` զօրակցական հաւաքներ նախաձեռնեցին Պարսելոնայի մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` 2017 թուականին ընթացքին Միութիւնը նախատեսած է տարբեր բնոյթի մշակութային եւ քարոզչական ձեռնարկներ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն:
Միութիւնը, որ հիմնադրուած է 2006 թուականին, մշտապէս աշխոյժ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ` կանգնելով արցախահայութեան, Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն կանգնած զինուորներուն կողքին, ինչպէս նաեւ` կը կազմակերպէ հայաճանաչութեան ու հայապահպանութեան նուիրուած ծրագիրներ Պարսելոնայի մէջ:
Միութիւնը, նաեւ, ԻԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համատեղ կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` կարողութեան չափով կը սատարէ դեսպանութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն: