Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Կամրջելու

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Դպրոցական օրերէս, երբ հաշուապահութիւն կը դասաւանդուէր, կը խրտչէի շուկայէն. «Շուկան խոշոր բերան է» կ’ըսէի. հոն մարդկային ամէն տեսակ խաբէութիւն, կեղծիք, քծնանք, շողոքորթութիւն եւ այլ ժխտական երեւոյթներու որջ  էր ինծի համար, եւ տակաւին ուրիշ բան չէ, քանի որ հիմը այդ ըլլալու էր, իսկ գլխաւոր նպատակը՝ շահը, ուր վաճառականը կը տեսնէ իր կեանքի կաթը:

Շուկայի կեդրոնը, անշուշտ, քաղաքի սրտին մէջ բոյն կը դնէ: Քաղաք՝ ուր զանազան շրջաններէ, մօտաւոր կամ հեռաւոր, մարդիկ, գնորդներ, առեւտրականներ տարանցիկ կամ այլ կը հանդիպին ու կ’անցնին: Հոն է որ լեզու պիտի գտնուի տարատեսակ մարդոց հետ փոխ-յարաբերութեան, փոխհասկացողութեան եւ անկէ՝ քաղաքականութիւն, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ շպար գրաւչութեան եւ քաղաքագիտութիւն՝ ծուղակ օրինական: Ունի իւրայատուկ բարոյականութիւն, որ արեւածաղիկի նման կը հետապնդէ շահի աղբիւրը: Ուրիշ ելք չկայ: Բարեկամութիւնը թիւրիմացութիւն է կամ ժամանակաւոր մերձեցում եւ այսօրուան դաշինքները կրնան շրջել վաղուան հաշիւները. կեանքի սովորական ընթացքին դասաւորուած մէկ կերպը: Այս այսպէս է ու հիմն է կեանքին, կեանք, որ չի սահմանուիր: Կեանք, որ պատերազմ է ինքնին, ուր բարձունք ու վերելք զիրար կը յաջորդեն, իրարմով պայմանաւորուած կամ նոյնիսկ՝ միաձոյլ: Այս բոլորը իրականութիւններ են, մինչ մենք կը հալածենք երջանկութիւնը իբրեւ վախճանական իրավիճակ…:

Ա՜խ, այս երջանկութիւնը, որ անհաս երազի պէս մեզ գրուած է, կը յիշեցնէ ասոյթ մը որ կ’ըսէ. «Աշխարհ երկու տիպար կին ունեցած է, մին մեռած է, միւսը՝ կը փնտռուի…»:

Ասկէ աւելի՞…

Ասկէ աւելին պիտի ըլլայ բռնազբօսիկ. «Ապրիլը յաղթել է» եւ ապրելու մէջ պէտք է գտնել երջանկութիւն, ի՛նչ վիճակի մէջ որ ըլլանք, այսինքն՝ մեր պարագային՝ տակաւին ջարդ չենք տեսած, բայց լսած ենք, կը տառապինք հոգեպէս կը վերյիշենք, կը բողոքենք, բայց որո՞ւ, ո՞վ է լսողը. «Այս երկաթէ դարուն երկաթէ ուղեղներ պէտք են» ըսած է Ռուբէն Սեւակ, իսկ ի՞նչ զէնքով պէտք է դիմադարձել թուրք-թաթար ցեղի շառաւիղներուն հետ, այս մե՛ր դարուն…

Անհատի մը հաստատ վէմը նոյնինքն իր անձն է… ուրեմն՝ սկսելով նոյնն է պարագան հաւաքականութիւններու, միութիւն, կուսակցութիւն, ազգութիւն: Ազգի մը զօրութիւնը ինք իր մէջ ամրանալու, ինքզինք ըլլալու գործադրութեան մէջ է, սակայն անջրպետ կայ տեսութեան եւ գործնականի միջեւ, որով խօսքը կը թռի՜, իսկ գիրը՝ կը մնայ տեղը, ու կը կաղայ մեր կեանքը:

Կը յենինք միջազգային իրաւունքի եւ այլն… մինչդեռ տակաւին չենք սորված, տկար կը զգանք մենք մեզ ու անկարող՝ նկատառումները մէկդի շպրտելու ու մեր վրէժը մեր ձեռքով լուծելու եւ ըսելու, ինչպէս թուրքը կ’ըսէ. «Վաղուան դատը... (հայհոյանք)»:

Այսպիսով՝ կամրջելու անջրպետները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին