Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

«Անուշ» Պարախումբը Հերթական Յաղթանակը Նուիրած Է «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Շարժումին

Փետրուար 19-ին Գերմանիոյ Միւնխեն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբը մասնակցած է Միւնխենի մէջ  կայացած պալէի շրջանային 21-րդ գերմանական մրցոյթին, որուն ժամանակ պարախումբին պարուհիներէն Մելինէ Հուպախը, ժողովրդական պարերու բաժինին մէջ ներկայացնելով Սայաթ-Նովայի «Նազանի»-ին, իր տարիքային խումբին մէջ արժանացած է 2-րդ կարգի մրցանակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ պարախումբի հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեան:

«Հետեւելով պարախումբի` 2017 թուականի գործունէութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման նուիրելու որոշման, այս անգամ եւս մրցոյթին ընթացքին օտարազգիներու ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք այս ծրագիրին շուրջ. մինչ պարելը դահլիճի նախասրահին մէջ շարժման ցուցապաստառները բարձրացուցինք եւ լուսանկարուեցանք, նոյնիսկ մեզի միացաւ մրցոյթի ղեկավար Գորիննա Զեոն, որ, տեղեկանալով նախաձեռնութեան գաղափարին մասին, նշեց, որ ամբողջ աշխարհին, յատկապէս` Արցախին, խաղաղութիւն կը ցանկայ»,-ըսաւ Անոյշ Չախալեան` յոյս յայտնելով, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար կ’ըլլայ բազում յաղթանակներու տարի, եւ իրենց գործունէութեամբ Սփիւռքի մէջ կը շարունակեն ծառայել հայ մշակոյթին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին