Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Վրաստան Այցը Խոստումնալից Էր. Կարէն Կարապետեան

Վրաստան այցը խոստումնալից էր, առարկայան եւ ջերմ: Ամենակարեւոր հարցերուն անդրադարձ եղաւ, եւ երկկողմ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ:

Այս մասին այսօր Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի այցելելէ ետք լրագրողներուն ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, կը հաղորդէ ter.am-ը:

Հարցումին, թէ ամենակարեւոր խնդիրներուն` Վրաստանէն Ռուսիա այլընտրանքային ճանապարհին, ելեկտրական փոխհոսքերուն անդրադարձ կատարուա՞ծ է, վարչապետը ըսաւ, որ բոլոր նշուած հարցերուն վերաբերեալ յստակ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է. «Կ՛ուզեմ ըսել, որ այցը եղած է շատ առարկայական, կառուցողական եւ ջերմ: Մենք խօսած ենք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու մասին, խօսած ենք նաեւ խանգարող հանգամանքներու մասին»:

Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ հայկական կողմէն առաջարկ եղած է նայիլ յարաբերութիւններուն ոչ միայն երկու երկիրներու, այլ տարածաշրջանային առումով. «Յառաջիկային յատուկ օր նշանակուած է Վրաստանի գործարարներու համար, որոնք պիտի գան եւ քննարկեն մեր առաջարկները»:

Վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ անդրադարձ եղած է վիրահայոց, ջաւախահայերու կրթական համակարգին եւ այլ հարցերու. «Չէ եղած որեւէ հարց, որ զիրար չհասկնալու միտում ըլլայ, այդ պատճառով ալ մենք գոհ ենք: Ամենակարեւորը` մենք խօսած ենք նաեւ մեր երկու ազգերու մտերմութեան եւ մեր ունեցած այդ ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու մասին: Հաստատած ենք, որ այստեղ չափազանց շատ բան ունինք ընելու: Ապրելով երկրի մը մէջ եւ ունենալով յարաբերութիւններ` մենք վստահ չենք, որ յաջորդ սերունդները կ’ունենան այդ նոյն յարաբերութունները, եթէ մենք այսօր չաշխատինք: Այդ առումով շատ խոստումնալից այց էր»:

Տեղական լրատուամիջոցներէն մէկուն ներկայացուցիչի հարցումին, թէ 10-20 տարի անց ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Հայաստանը եւ ի՞նչ օրինակով, Կարէն Կարապետեան պատասխանեց. «Պիտի ըլլայ մեր երկրի օրինակով, պիտի ըլլայ այնպէս, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ ապրի, հպարտանայ Հայաստանով, որովհետեւ մենք ատոր իրաւունքն ու ներուժը ունինք»,-ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ պէտք է շատ բարետենչ խնդիրներ դնել, հաւատալ, օգնել իրարու, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ առաջ երթալ:

Հարցումին, թէ քանի՞ տոկոսով իրականացուած կը համարէ վարչապետը իր ծրագիրները, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Ինչ ծրագիր դրած եմ կատարելու` 100, բաւարարուա՞ծ եմ այսօր` այո, ընելիք չունի՞մ` շատ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին