Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Փրոֆէսոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին

Ուրբաթ 24 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսէն ժամանած Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին։ Փրոֆէսորը հանրածանօթ հեղինակ է ցեղասպանութեան եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան առնչուած նիւթերը քննարկող բազմաթիւ հատորներու։ Ան նաեւ տասնամեակներէ ի վեր դասախօս է «UCLA» համալսարանէն ներս։

Այցելութեան ընթացքին Փրոֆ. Ռիչըրտին ընկերացած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը։

​Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանրապէս անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին եւ ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին։

***

Ծանօթ. Նշենք, որ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պէյրութ կը գտնուի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան հրաւէրով, որ նոյն օր առաւօտեան նաեւ այցելած էր Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանատուն ինչպէս նաեւ հրապարակային ելոյթ ունեցած էր Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ նոյն օր երեկոյեան:

«Խմբ»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին