Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Ազրպէյճանական Անցեալ Գիշեր Զինուժը Կիրառած է Ականանետեր եւ Նռնականետ

Փետրուար 23 լոյս 24-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ հակառակորդը, ականանետերէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 75 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 830 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետեր (4 արկ) եւ Ձհն-7 տիպի նռնականետ (2 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծի վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին