Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Վասն Հաւատքի Եւ Վասն Հարենեաց Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտի Տօնը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2017-ին, ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, գերապատիւ հայր Վարագ Վրդ. Պէրպէրեանի, օրուան պատգամախօս ունենալով գերապատիւ հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանը:

Մինչ այդ, Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարի Ս. Պատարագը նուիրուած էր Վարդանանց յիշատակին, զոր մատուցեց գերապատիւ հայր Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանը, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը՝ ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան, շեշտը դնելով մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը անաղարտ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնահանդէսի բացման խօսքը կատարեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Կասիա Տէրտէրեան, որ ըսաւ, թէ մենք այսօր կը յիշատակենք հայոց պատմութեան կարեւոր հանգրուան մը, ամենամեծ եւ ամենաքաջ հերոսներէն մէկուն եւ ուխտապահ եկեղեցականներու ու նախարարներու անմար ու անթառամ յիշատակը:  «Բառերու շքեղութիւնն ու խօսքին հմայքը բաւարար չեն արտայայտելու այն օրերու հերոսութիւնը: Սակայն, կարելի է յիշել եւ արժեւորել այսօրուան հերոսները, որոնք, զինուած Վարդանի շունչով, հաւատքով, ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ, սահմաններէն ետ կը մղեն բոլոր անոնց, որոնք կը համարձակին մեր անդորրութիւնը խախտել», ըսաւ ան:

Յայտագրի առաջին բաժնով մանկապարտէզի Ծիլ դասարանի աշակերտները իրենց պատասխաններով փաստեցին, որ իրենք արդէն այդ դասարանէն կը սորվին Աւարայրի ճակատամարտին մանրամասնութիւնները: Անոնք նաեւ արտասանութեամբ ու երգով գովերգեցին Վարդանանց հերոսները: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 3-րդ դասարանէն Գարլա Ռուպէլեան՝ «Վարդանանց Յիշատակին» ասմունքով, 3-րդ դասարանը՝ «Վարդանի Երգը» եւ «Վարդանի Ժառանգները» խմբերգով: 4-րդ դասարանցիները թատերական ներկայացում մը հրամցուցին աշակերտներուն, համադասարանցի Սերժիօ Հայրանեանի կատարողութեամբ երգի եզրափակումով: Գեղարուեստական յայտագրի վերջաւորութեան դպրոցի պարախումբը ներկայացուց գաւառական պար մը:

Գերապատիւ հայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ բոլորս մեր կեանքին մէջ կանչուած ենք ըլլալու մէկական Վարդաններ, հետեւաբար, խիղճի քննութիւն մը ընենք եւ հարց տանք, թէ որքանով կ’ապրինք անոր հաւատարմութիւնը ազգին եւ եկեղեցիին հանդէպ, որքանով հայերէն կը խօսինք: Վարդանը այսօր մեզի կը պատգամէ անտարբեր չըլլալ հայ գիրին ու գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթին ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ, եւ կը յորդորէ պահպանել մեր ազգային արժէքները եւ լեզուն, որովհետեւ ամօթ չէ որպէս հայ օտար լեզու չգիտնալը, բայց ամօթ է մայրենին՝ հայերէնը չգիտնալը, ըսաւ ան:  Վարդապետը եզրափակեց իր խօսքը, ըսելով, թէ մենք որպէս հայեր մեծ արժէք ունինք, զոր պէտք չէ կորսնցնենք, հետեւաբար, կրկնակի պատասխանատուութիւն ունինք պահելու եւ արժեւորելու մեր ինքնութիւնը եւ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը:

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտէն 15 դարեր ետք մենք այսօր կը յիշատակենք ճակատամարտ մը, զոր թէեւ պարտուած ենք պատերազմի դաշտին վրայ, բայց ինչպէ՞ս պարտութիւն կոչել զայն, երբ մենք տակաւին կը պահենք մեր ինքնութիւնը, հայրենիքը, կրօնքը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ան իր խօսքը փակելով ըսաւ, թէ Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը կը յաւերժանայ գնահատելով անոնց անձնուիրութիւնը եւ շարունակ քալելով անոնց հարթած ճանապարհէն:

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին