Ուրբաթ 24 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսէն ժամանած Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին։ Փրոֆէսորը հանրածանօթ հեղինակ է ցեղասպանութեան եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան առնչուած նիւթերը քննարկող բազմաթիւ հատորներու։ Ան նաեւ տասնամեակներէ ի վեր դասախօս է «UCLA» համալսարանէն ներս։
Այցելութեան ընթացքին Փրոֆ. Ռիչըրտին ընկերացած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանրապէս անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին եւ ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին։
***
Ծանօթ. Նշենք, որ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պէյրութ կը գտնուի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան հրաւէրով, որ նոյն օր առաւօտեան նաեւ այցելած էր Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանատուն ինչպէս նաեւ հրապարակային ելոյթ ունեցած էր Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ նոյն օր երեկոյեան:
«Խմբ»