Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներու շարքին, Վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ իր էութեամբ դարձաւ յետագայ սերունդներու հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ ազատութեան գաղափարներու ներշնչանք, դէմ դնելով մեր քրիստոնէական ու ազգային դիմագիծին սպառնացող վտանգներուն:
Հայրենիքի ու կրօնքի պաշտպանութեան համար մարտիրոսացած հերոսներուն յիշատակը պանծացնելու համար, Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար2017-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեանի, Մեծայարգ Տիար Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի՝ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, յարգարժան ներկայացուցիչներու՝ վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողներու:
Յայտագիրը սկսաւ Նախ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներու կատարողութեամբ՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն՝ Փիթըր Մուրատեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Վարդան Մամիկոնեան եղաւ հայ ազգի պարծանքը եւ մեր եկեղեցւոյ պսակը, որովհետեւ իր արիւնը թափեց ազգին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Աւարայրը կը շարունակուի այնքան ատեն, որ տակաւին կայ անհրաժեշտութիւնը մեր հայրենիքի անսասանութեան, մեր պետականութեան զօրացման եւ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ արդի ժամանակներուն հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, այսօր եւս կարիքը ունինք Վարդանանց ոգիին ու քաջալերութեան, ազգի միութիւնն ու միաբանութիւնը ամրապնդելու համար:
Ապա Նախ. Ա.-էն Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան «Յազկերտ Բ.ի Ծրագիրը» կենդանի պատկերով մը: Վարդան Մամիկոնեանն ու հայ քաջարի զինուորները ներկայացնող աշակերտները շքեղօրէն հագուած, խրոխտ քայլերով մուտք գործեցին սրահէն ներս, ըսելու համար պարսից Յազկերտ Բ. արքային, թէ ճնշումի տակ չեն կրնար ուրանալ իրենց որդեգրած հաւատքը եւ ենթարկուիլ իրենց համար ոչ հարազատ հաւատաքի: Ապա Նախ. Գ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացան «Վարդանանք» խմբային արտասանութեամբ, Նախ. Դ. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները հայրենասիրական ոգիով տոգորուած՝ «Մենք Քաջ Վարդանի Զաւակներն Ենք» եւ «Սերունդ Ենք Սուրբ Վարդանանց» խմբերգներով, իսկ Նախ. Զ. դասարանի աշակերտները՝ Պետրոս Դուրեանի «Երգ Մարտին Վարդանանց» արտասանութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն Վարդանանց հերոսամարտի մասին:
Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեան, որ սիրայօժար ընդառաջելով վարժարանիս հրաւէրին դիւրամատչելի ոճով աշակերտներուն ներկայացուց օրուան պատգամը, բացատրելով թէ ինչո’ւ մղուած էր Վարդանանց ճակատամարտը եւ թէ ի’նչ աւանդ ձգեցին մեզի Վարդանանք: Ան յուզումով անդրադարձաւ, թէ նախապէս Պարսկաստանի մէջ հայկական վարժարանի մը մէջ ներկայ գտնուած էր Վարդանանցի տօնակատարութեան եւ այսօր տարիներ ետք մեր մէջ ներկայ կը գտնուէր սոյն հոգեպարար առիթով:
Յայտագիրը իր աւարտին հասնելով վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան բեմ բարձրացաւ շնորհակալութիւն յայտնելով քահանայ հօր, ինչպէս նաեւ յայտագիրի պատասխանատու ուսուցիչներուն,ապա բեմ հրաւիրեց Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուէ քահանայ հայրը:
Վարդանանցը եղաւ գրաւականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյատեւումին: Փառք ու պատիւ Վարդանի եւ իր ընկերներուն յիշատակին:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ