Փետրուարի 25-ին` ժամը 3:00-ի եւ 4:00-ի մօտ, սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնայ) ուղղութիւններով հակառակորդը օգտագործելով ականազերծման «Տրոպա» տիպի զինամթերք ձեռնարկած է յարձակման փորձերու:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններով ալ ժամանակին նկատած են ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք դէպի իրենց ելման դիրքեր: Բանակի յառաջապահ ուժերու հակահարուած գործողութեան արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն երկու զոհ, որոնց մարմինները կը գտնուին չէզոք գօտիին մէջ: ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:
Աւելցնենք նաեւ, որ ազրպէյճանական յարձակման գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծին վրայ իբր թէ արցախեան ուժերու յարձակումին վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով ալ թշնամին հող նախապատրաստած է իր յետագայ սադրանքներուն համար:
Բացի յարձակման փորձերէն Փետրուար 24-ին եւ լոյս 25-ի գիշերը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը, ականանետերէ, հրանօթներէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձիգային զինատեսակներէ խախտած է հրադադարը ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: Յատկապէս բուռն խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 ու 120 միլիմեթրնոց ականանետերու եւ Դ-44 տիպի հրանօթներու կիրառմամբ, ընդհանուր առմամբ արձակած է 169 արկ:
ՊԲ համապատասխան կառոյցներու կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն` արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդին կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու տեղաշարժեր:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը սահմանգիծի ամբողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդին որեւէ սադրանքին տալ արժանի պատասխան:







