Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Անթոյլատրելի է Պաքուի Կողմէն ԵԱՀԿ Վարկաբեկման Նախաձեռնութիւններն ու Շանթաժի Ենթարկելու Քաղաքականութիւնը. Վիգէն Սարգսեան

Անթոյլատրելի է Ազրպէյճանի կողմէն գրասենեակի գործունէութեան կասեցման եւ ԵԱՀԿ կազմակերպութեան վարկաբեկման նախաձեռնութիւններն ու սպառնալիքի ենթարկելու քաղաքականութիւնը: Այս մասին, այսօր ԵԱՀԿ աւստրիական նախագահութեան` Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Կիւնդէր Պեխլերի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

ՀՀ ՊՆ տեղեկութիւններով՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի աջակցութիւնը յայտնած է աւստրիական նախագահութեան հռչակած առաջնահերթութիւններուն` ուղղուած հակամարտութիւններու կարգաւորման, լարուածութեան տկարացման ու փոխվստահութեան մթնոլորտի վերականգման:

Ներկայացնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծի վրայ տիրող մտահոգիչ իրավիճակը` Վիգէն Սարգսեան կարեւոր համարած է զինադադարի խախտման դէպքերու միջազգային հետաքննութեան կառուցակազմի ձեւաւորման ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած Ազրպէյճանի կողմէն սպառազինութիւններու վերահսկման բոլոր միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնահարման դատապարտման անհրաժեշտութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէն:

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակին շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին` Վիգէն Սարգսեան արժեւորած է թէ՛ գրասենեակի եւ թէ՛ ընդհանրապէս կազմակերպութեան դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, ընտրական համակարգի արդիականացման եւ մարդու իրաւունքներու բարելաւման գործին մէջ:

Շեշտելով, որ Հայաստանի համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ հիմնուած է արժէքներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ՝ պաշտպանութեան նախարարը անթոյլատրելի համարած է Ազրպէյճանի կողմէն գրասենեակի գործունէութեան կասեցման եւ ԵԱՀԿ կազմակերպութեան վարկաբեկման նախաձեռնութիւններն ու սպառնալիքի ենթարկելու քաղաքականութիւնը:

ԵԱՀԿ նախագահութեան ներկայացուցիչը վերահաստատած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման եւ լարուածութեան տկարանալուն ուղղուած կազմակերպութեան ջանքերուն աշխուժացման, կազմակերպութեան հեղինակութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնած, որ երեւանեան գրասենեակին շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը պիտի հանգուցալուծուի ԵԱՀԿ եւ Հայաստանի շահերուն համապատասխան:

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ համագործակցութեան կառուցակազմերուն շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին