Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեան եւ Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ընդունելութիւններու տան մէջ բացումը կատարեցին արխիւային փաստաթուղթերու ցուցահանդէսին` նուիրուած երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
«Մենք այդ ընթացքին ամենասերտ կերպով դաշնակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մեր յարաբերութիւնները զարգացուցած ենք երկկողմ ձեւաչափով, ՄԱԿ-ի, ՀԱՊԿ-ի, Եւրասիական տնտեսական միութեան, ԵԱՀԿ-ի, միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մէջ»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած Է Լաւրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ:
Նախարարը նշած Է, որ ցուցահանդէսը առաջինը կը դառնայ երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին մէջ:
«Մենք համաձայնած ենք լրացուցիչ քայլերու, որոնք կոչուած են արժանավայել նշելու այդ տարեթիւը»,-ըսած Է Լաւրով, աւելցնելով, որ Նալպանտեանը զինք հրաւիրած Է այցելելու Հայաստան:
«Մենք այդ հրաւէրը կ՛ընդունինք, կը համաձայնինք անոր օրակարգին եւ այդ այցի ծրագիրին վրայ»,-ըսած է Լաւրով:
Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ Լաւրով եւ Նալպանտեան ծաղիկներ դրած են Փետրուար 20-ին, Նիւ Եորքի մէջ մահացած ՄԱԿ-ին առընթեր Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքինի դիմանկարին առջեւ, որ տեղադրուած Է ԱԳ նախարարութեան առանձնատան մէջ:






