Ուքրանիոյ ԱԳ նախարար Բ. Գլիմգինի նախագահութեամբ Փետրուար 21-ին ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդին մօտ կայացած է «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութեան պահպանում. Հակամարտութիւնները Եւրոպայի մէջ» խորագիրով բաց քննարկում, որուն նպատակն էր դիտարկել Եւրոպայի մէջ առկայ հակամարտութիւններուն իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար սպառնալիքները։
Քննարկման մասնակիցներուն մէջ եղած են Հունգարիոյ, Լիթվիայի եւ Վրաստանի ԱԳ նախարարները, Խորուաթիայի պետական քարտուղարը, Շուէտի, Ղազախստանի, Մոլտովայի եւ Լաթվիայի ԱԳ փոխնախարարները: Հանդիպումը մեկնարկած է մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգանքի տուրք մատուցելով նախօրէին կեանքէ հեռացած ՌԴ մշտական ներկայացուցիչ Վիտալի Չուրգինի յիշատակին:
Հանդիպման ընթացքին բացման ելոյթներով հանդէս եկած են ՄԱԿ ԳՔ Ա. Կուդերեշը, ԵԱՀԿ ԳՔ Լամպերդօ Զանիէրը եւ ԵՄ Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան ԳՔ Հելկա Շմիտը, որոնք ընդգծած են Եւրոպայի մէջ չկարգաւորուած հակամարտութիւններու հարցով ՄԱԿ-ի համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ եւ ԵՄ` իբրեւ տարածաշրջանային կառոյցներու հետ: Մատնանշուած է նաեւ, որ որեւէ մէկ գործօն չի կրնար նշուիլ, իբրեւ Եւրոպայի մէջ առկայ հակամարտութիւններու պատճառ, իսկ որոշ պարագաներու համաձայնութիւնները պարզապէս չեն իրագործուիր:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է Եւրոպայի մէջ այսպէս կոչուած «սառեցուած» հակամարտութիւններուն, ներառեալ Կիպրոսի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին, ինչպէս` ԼՂ հիմնահարցին:
Ընդգծուած է հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային ջանքերու ամրապնդման կարեւորութիւնը, ներառեալ` տարածաշրջանային կառուցակազմերու միջոցով:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան հանդէս եկած է ելոյթով` ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան էութիւնը` իբրեւ մարդու իրաւունքներու, ազատութեան եւ ինքնորոշման համար պայքար, որ յառաջացած է ի պատասխան կանոնաւոր բնոյթ կրող խտրականութիւններու եւ բռնութիւններու: «Ասիկա պայքար է, որ ականատես եղաւ հայերու հանդէպ ջարդերուն Պաքուի, Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Ազրպէյճանի այլ վայրերու մէջ` ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իր ապագան ազատ որոշելու օրինական պահանջին: Ասիկա պայքար է` յանուն ինքնապաշտպանութեան եւ ֆիզիքական գոյատեւման` Ազրպէյճանի կողմէն արձակած յարձակման եւ ցեղական զտումներու պայմաններուն մէջ: Ասիկա պայքար է բարբարոս վարչակարգին դէմ, որ խելացնոր կերպով կը փառաբանէ 2004-ին հայ սպան կացինահարած մարդասպան Սաֆարովը: Ասիկա պայքար է համատարած հայատեացութիւն եւ հայերու հանդէպ անհանդուրժողականութիւն քարոզող վարչակարգին կողմէ իրաւասութեան յաւակնութիւններուն դէմ: Ասիկա կենաց մահու եւ ազատութեան պայքար է»,- նշած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը:
Անդրադառնալով 2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման, դեսպան Մնացականեան նշած է, որ հայկական կողմը մշտապէս տեղեկացուցած է Անվտանգութեան խորհուրդին՝ տեղի ունեցած բարբարոսութիւններուն եւ ոճրագործութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հաստատակամօրէն մերժէ ուժի կիրառումը` իբրեւ հակամարտութեան ռազմական լուծում: Նշուած է, որ փոխարէնը անհրաժեշտ է իրական քայլեր ձեռնարկել 2016 Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռքբերուած համաձայնութիւնները իրագործելու ուղղութեամբ` խաղաղ բանակցութիւններու առաջընթացը ապահովելու նպատակով:
Խօսքի աւարտին՝ Զոհրապ Մնացականեան Հայաստանի երախտագիտութիւնը արտայայտած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս Անվտանգութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին` ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն ցուցաբերուող հետեւողական եւ անվերապահ աջակցութեան համար:






