*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Իր «հրաժեշտ»ի վերջին ցուցահանդէսի ընթացքին, հանրայայտ գեղանկարիչ Զոհրապ տժգոյն տեսք ունէր, սակայն զարմանալիօրէն չափազանց հանդարտ ու կենսուրախ էր: Իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած հայ գեղարուեստի անդաստանին մէջ արուեստագէտի մը գոհունակութեամբ, կ’երեւի կը զգայ թէ հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին՝ հոն, վերեւը յաւիտենապէս միանալու իր սիրելի քրոջը, վաղամեռիկ Յասմիկին, իր գլխաւոր նեցուկին գեղարուեստի կեանքին մէջ…: Նաեւ եղբօրը, հարազատ մօր եւ հօր՝ որոնց դիմանկարները միշտ ալ անբաժան էին իր աննման ստեղծագործութիւններուն մէջ: Դժբախտաբար, իր վերջին օրերուն, ըստ իր անբաժան կեանքի գործընկեր, քեռայր ին զիս փնտռած է հիւանդանոցին մէջ, որուն մանրամասները իմացայ երէկ գիշեր, գեղանկարչուհի Վարդ Մեսրոպեանէն: Վերջինս հրաժեշտի այցելութեան ընթացքին համբուրած է մեծ Ուսուցիչին եւ գեղանկարիչին ձեռքերը, խոստանալով միշտ շարունակել իր անաւարտ թողած գործը:
Այո, ամբողջ կեանք մը ու համագործակցութիւն Զօհրապ Քէշիշեանին հետ, իր բոլոր ցուցահանդէսներուն ներկայ ըլլալով, բազմաթիւ յօդուածներ գրելով, իր արհեստանոցները այցելելով: Միշտ լաւատես, աշխատասէր, հպարտ իր իրագործած երազներով: Շատ դժուար վերելք, մինչեւ օտար գեղարուեստի մասնագէտներու եւ իր արուեստով հիացած լիբանանցիներու եւ օտարներու կողմէ:
Զօհրապ ամբողջ սերունդ մը դաստիարակած է, ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրթական հաստատութիւններուն, այնպէս ալ բազմաթիւ դպրոցներու եւ ակադեմական հաստատութիւններու մէջ իր դասախօսութիւններով: Անզուգական ներկայութիւն մը լիբանանահայութեան մէջ, փառք ու պատիւ բերող այս անձնաւորութեան, Մեծ Եղեռնէն վերապրողի զաւակ, որ կորուսեալ Կիլիկիան եւ Արեւմտեան Հայաստանը իր հայկական աչքերով ու դիմագիծերով, երազային գոյներով վառ պահեց ու փոխանցեց յետագայ սերունդներուն: