Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայրենի «Կեանք Ու Կռիւ» Ֆիլմը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Սրահէն Ներս

Ըլլալով աշխարհի հնագոյն ազգերէն մէկը, հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին ստեղծած է հարուստ մշակոյթ, ընդ որում նաեւ՝ ռազմական: Ճիշդ է, որ հայերը ռազմաշունչ եւ ռազմատենչ ազգ չեն, սակայն իրենց մարտունակութեամբ, քաջութեամբ, պատերազմելու արուեստով, ռազմական տաղանդով ոչ միայն չեն զիջած, այլ յաճախ գերազանցած են շատերուն: Պատմութիւնը այդ ապացուցած է քանի-քանի անգամներ:

Այս տարի մենք կը տօնենք Հայոց բանակի, Հայաստանի զինուած ուժերուն 25-ամեակը: Այս առիթով, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Սանուց Միութիւնը նախաձեռնութիւնը առաւ Մհեր Մկրտչեանի բեմադրութեամբ «Կեանք ու Կռիւ» ֆիլմը ցուցադրելու դպրոցի «Յակոբ Պարսամեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան վսեմաշուք տիար Սամուէլ Մկրտչեանի:

Ներկայ էին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան եւ անդամներ, վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ, վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեան, ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս տիար Աշոտ Վարդանեան, քոյր կազմակերպութիւններու անդամներ, վարժարանի ծնողներ եւ հիւրեր:

Բացման խօսքով Գէորգ Տաղլեան ըսաւ. «Բանակի տօնը իրականութեան մէջ ոչ միայն բանակին մէջ ծառայողներուն ու ծառայածներուն, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին տօնն է: Այսօր մենք ունինք հզօր բանակ եւ զայն պահպանելու համար պէտք է ազգովին պայքարինք, պէտք է սերունդներուն մէջ ամրապնդենք հայրենասիրութիւնը: Ղարաբաղեան չյայտարարուած, բայց փաստացի պատերազմը կը շարունակուի Ազրպէյճանի դէմ: Մենք պէտք է ցոյց տանք մեր նորահաս սերունդին եւ համայն աշխարհին, որ հայոց բանակը իր քաջարի տղոցմով ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին ընդմէջէն կերտած է մեր ազգի պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մին: Ահա այ՛ս մէկն է, որ կը ցուցադրուի «Կեանք ու Կռիւ» ֆիլմին մէջ»:

Մօտաւորապէս 2 ժամուան տեւողութեամբ, ներկաները յուզումնախառն զգացումներով հետեւեցան ընկերային ու սիրային կեանքը շօշափող եւ ղարաբաղեան պատերազմի սրտառուչ դէպքերը ներկայացնող ֆիլմին, որ անարցունք չձգեց մարդկային ու հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած սրտերը ակնդիրներուն:

Այնուհետեւ, Լիւսի Տէօքմէճեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ Շուշիի ազատագրումը բեկումնային դարձած է ղարաբաղեան պատերազմին մէջ եւ նախանշած՝ յետագայ յաղթանակներու ուղին: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պայքարի ու պատերազմի պատմութիւն եղած է: «Ազրպէյճանցին դեռ կանգնած է մեր սահմանին եւ դժբախտաբար շատ յաճախադէպ դարձած է ծառայողներու նահատակութիւնը, բայց մեր զինուորները հայրենատիրութեան զգացումներով գօտեպնդուած քաջաբար կը պայքարին, եւ օր մը անպայման պիտի բացուի այն արշալոյսը, երբ բոլորս ալ, առանց մեր յուզմունքը թաքցնելու, պիտի գոչենք՝ պատերազմը վերջացա՜ւ», ըսաւ ան եւ հրաւիրեց պարոն դեսպանը՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելու:

Դեսպան Մկրտչեան, գնահատելով այս ֆիլմը ցուցադրելու Միութեանս նախաձեռնութիւնը, իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ճիշդ է որ ֆիլմին մէջ կեանքը ներկայացուած է կռիւի ընդմէջէն, ուր կան նաեւ մահեր, բայց կեանքը կը շարունակուի իր ընկերային երեսով, հայրենասիրական բաժնով, մարտնչումներով, նահատակութեամբ ու նաեւ յաղթանակներով: Ան դրուատեց հայ բանակին տարած աշխատանքը սահմանագիծին վրայ եւ անոնց մաղթեց մարտունակութիւն եւ անփորձանք ծառայութիւն:

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ հայուն խորհրդանիշը ներկայացնող նուռի հատիկներու եւ նռան գինիի հիւրասիրութեամբ, որու սեղանին շուրջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց:

 

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

5 (2)

7

8

12

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին