Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հերթական հանդիպումը նախապատրաստական փուլի մէջ է, այսօր Մոսկուայի մէջ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակացութիւններու աւարտին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը.
«Այս պահուն բանակացութիւններ կ՛ընթանան Հայաստանի նախագահի Ռուսիա պաշտօնական այց կատարելու վերաբերեալ»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին` Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիա ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներու հետ միասին պիտի շարունակէ այնպիսի քայլեր ձեռնարկել, որոնք պիտի նպաստեն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման:
«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափին այլընտրանք չկայ»,- ընդգծած է Սերկէյ Լաւրովը:
էտուարտ Նալպանտեան նշած է, որ «Հայաստան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին հետ միասին պիտի շարունակէ ջանքերը, որոնք ուղղուած են խնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ բանակցային գործընթացը առաջ մղելուն»:






