Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Անին Կը Վերականգնուի Եռաչափ Տարբերակով

«Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ը 2009 թուականներէն եռաչափ (3D) տարբերակով կը վերականգնէ հայկական միջնադարեան Անի քաղաքը:

Ինչպէս «Հետք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է պատմամշակութային յուշարձաններու եռաչափ վերականգնող Պարգեւ Ֆրանկեանը` այս տարիներու ընթացքին հնարաւոր եղած է վերականգնել Անիի գրեթ 60 տոկոսը: Ան կը կարծէ` քաղաքը ամբողջական վերականգնել պիտի կարենան երեք տարիներու ընթացքին:

«Այս նախաձեռնութեան նպատակը հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս, պահպանելն ու փոխանցելն է»,- կ՛ըսէ Ֆրանկեան:

Վերականգման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ կ՛աշխատին ճարտարապետ, պատմաբան, յուշարձանագէտ:

Նախնական նաեւ կը փորձեն interactive կերպով վերականգնել քաղաքին տեսքը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մարդոց vitual կերպով մուտք գործել  քաղաքի շինութիւններ, ծանօթանալ անոնց ճարտարապետութեան` ներսէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին