Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Ազատութեան Տուրքը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ազատ ապրիլը անբան, ինչպէս նաեւ բանական կենդանութեան առաջին իղձն ու պահանջքն է: Ո՞վ կրնայ նորածին կատուներու մօտենալ մօրը ներկայութեան, եւ ո՞վ կրնայ վագրի սահման գծած տարածքին մէջ ազատ երթեւեկել, նոյնիսկ եթէ այդ առիւծ մը ըլլայ:

Կեանքի պայմանաւորուածութենէն կը յառաջանան անհրաժեշտութիւններ ու անկէ՝ նպատակ, որուն հասնելու համար հաւատքի զօրութիւն, որմէ՝ ՈԳԻՆ, որ կը դիմագրաւէ ամէն արգելք որ նպատակը կ’արգելակէ: Հուսկ՝ կը յայտնուին առաջնորդներ, խրախուսելու, ապագայի տեսլականը պատկերելու, յաղթահարելու արգելքները, հասնելու բարեյուսոյ հրուանդան:

Կեանքը շարժում է, եռք ունենալ, ընդլայնիլ, տարածուիլ, իշխել, որմէ՝ պատերազմները…

Երբ ընթացիկ կեանքն իսկ պատերազմէ, ինչպէ՞ս հեշտ ըլլան պատերազմները, մանաւանդ՝ երբ չկան անոնց պատրաստուածութիւնը ու անակնկալ կը ցցուի, ու կը սկսի մտաւոր մարզանքը, գործի կ’անցնին երկմտանք, կամք, ուխտ, կասկած ու վերջապէս վճիռը՝ «Ահա, Տէր, կու գամ»: Ինչպէս Վ. Թէքէեան կը գրէ իր «Կռուի Երթ» քերթուածին մէջ:

Իսկ, ընդհակառակը, եթէ կայ հաստատ հաւատքն ու սէրը, նպատակը ու կրակը՝ «Կեանքի, մահի, այս ամեհի աղջամուղջում, ողջակիզուող հոգիներին, ողջո՜յն, ողջո՜յն…» կը յղէ ինչպէս Չարենց, իր կիրքը, նպատակը, որմէ խելագար կ’իյնայ գուպարի ու «Ողջո՜յն, ողջո՜յն…»:

Ի հարկէ նորութիւն չեն ո՛չ Թէքէեան եւ ո՛չ ալ Չարենցի ապրումները: Խիզախութեան պատգամներ կը տեսնենք վարդանանք պատերազմի մէջ, գրուած Եղիշէի կողմէ, որ եղած է Վարդան զօրավարի քարտուղարը եւ մերձաւոր ազգակիցը:

Առանց Եղիշէի, ի՞նչ Վարդանանց պատերազմ…

Արդ, փոքր հատուած մը, որ այս օրերու համար իսկ այժմէական է.-

Սպարապետը նախարարների միաբանութեամբ սկսեց խօսել զօրքի հետ եւ ասաց.-

«Շատ պատերազմներ եմ մղել ես, եւ դուք ինձ հետ.

Չերկնչենք ու չվախենանք հեթանոսների բազմութիւնից եւ ո՛չ էլ մահկանացու մարդու ահռելի սրի դէմ թիկունքնիս դարձնենք:

Իսկ եթէ հասել է ժամանակը մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմում, (մահն) ընդունենք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք»:

Իսկ Ղեւոնդ Երէց՝

«Յիշեցէք Իսրայէլի բոլոր նախկին զօրավարներին՝ Յեսուին, Գեդէոնին, Եփթային եւ բոլոր միւսներին, որոնք ճշմարիտ հաւատ ունէին. Նրանք ջարդեցին, կոտորեցին հեթանոսների զօրքը եւ երկիրը պիղծ կռապաշտութիւնից մաքրեցին»:

Ինչպէս ամէն ինչ իր տուրքը ունի, ազատութիւնն ալ անկէ զերծ չէ ամենեւին. աւելին. Կը պահանջէ զոհողութեան գերագոյնը՝ Արիւ՛ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին