Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Պուէնոս Այրէսի Ազգային Թատրոնի Գլխաւոր Տնօրէն Նշանակուած Է Ալեխանտրօ Տանտանեանը

Պուէնոս Այրէսի Սերվանտեսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայ Ալեխանտրօ Տանտանեանը:

«Հայերն այսօր»ը կը գրէ, որ Արժանթինի մէջ մեծ համբաւ ունեցող Սերվանտեսի անուան թատրոնը աւելի շատ յայտնի է իբրեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգային թատրոն եւ այստեղ հանդէս եկած են սպանախօս աշխարհի յայտնի շատ ու շատ արուեստագէտներ:

Այդ յայտնիներէն մէկն է երգիչ, դերասան, բեմադրիչ, արուեստագէտ, թատերական գործերու հեղինակ Ալեխանտրօ Տանտանեանը: Հիմնադիրն է «Հարաւային համայնապատկեր» նախագիծին, որուն ծիրէն ներս, ի թիւս այլ գործերու, կը կատարուի արուեստագէտներու փորձի եւ աշխատանքներու փոխանակում: Միաժամանակ, ան միշտ իր գործունէութեան մէջ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է երգարուեստին` ոչ միայն անձնապէս հանդէս եկած է իր կատարումներով, այլեւ կազմած է առանձին ծրագիրներ, որոնք յաջողութեամբ իրականացուած են Պուէնոս Այրէսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Իբրեւ բեմադրիչ տասնեակ գործեր ներկայացուցած է հանդիսատեսին` Շէյքսպիրէն մինչեւ  Պերթոլտ Պրեխտ եւ սպանացի Ալպերթօ Կոնսեխերօ: Իբրեւ գրող եւ բեմադրիչ` յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է բեմ բարձրացուցած Ֆրանս Քաֆքայի «Ամերիկա»ի Տանտանեանի տարբերակը:

Բազմաթիւ են օփերային գործերը, որոնք ներկայացուցած է ոչ միայն Պուէնոս Այրէսի մէջ, այլեւ երկրէն դուրս: Ան մասնակցած է աւելի քան 60 միջազգային տարբեր փառատօններու` արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու: Անոր առանձին գործերը թարգմանուած են փորթուկալերէն, անգլերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին