Արցախի հանրաքուէն կը համապատասխանէր Եւրոպայի չափանիշներուն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Փետրուար 21-ին ամփոփելով քուէարկութեան ընթացքին դիտորդական առաքելութեան նախնական արդիւնքները` ըսած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկէլ:
«Թէեւ Արցախի Հանրապետութիւնը չէ ճանչցուած, կը կարծեմ արդէն կրնամ վստահօրէն Արցախի Հանրապետութիւն ըսել»,- ըսած է Ֆրանք Էնկէլ:
Ան նկատած է, որ ճանչցուած չըլլալը չ՛ազդեր ժողովուրդի կամքին վրայ: «Ատիկա չի խանգարեր անոնց՝ աշխոյժ մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ ամբողջ աշխարհին դէմ դուրս գալու: Արցախի ժողովուրդը ըսած է «այո» բաւական հիմնաւոր: Ես յուսով եմ, որ միջազգային հանրութիւնը հաշուի պիտի առնէ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ ազատ են իրենց ընտրութիւնը կատարելու հարցով, եւ միեւնոյն ժամանակ ատիկա այդպէս չէ այստեղէն քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող պետութեան մէջ»,- ըսած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակին» ու ատոր մէջ իր յայտնուելու հնարաւորութեան, Ֆրանք Էնկէլ կատակած է. «Վերջերս ստուգած եմ, որ դեռ չեմ ներառուած: Եթէ ներառուիմ ալ` չեմ զարմանար, քանի որ այնպէս չէ, որ ծրագրած եմ յաջորդ արձակուրդներս Ազրպէյճան անցնել»,- կէս կատակ կէս լուրջ ըսած է ան:






