Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Ատոմ Էկոյեանին Շնորհուած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի Բարձրագոյն Տիտղոսը

Գանատայի կառավարութիւնը` ի դէմս զօրավար-նահանգապետ Տէյվիտ Ճոնսթընի, Փետրուար 17-ին, Ատոմ Էկոյեանին շնորհած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը` երկրի մշակոյթի մէջ կատարած ներդրումին համար:

Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հաղորդած է Արսինէ Խանճեան:

«Ատոմ Էկոյեանը նուիրուած է երկրի երիտասարդ տաղանդներու եւ բազմազան մշակութային դաշտի զարգացման: Մեր մշակութային գանձերէն մէկը` իբրեւ  բեմադիչ ան ձեռք բերած է միջազգային համբաւ` միեւնոյն ժամանակ ամուր կապուած մնալով Գանատայի հետ: Համայնքի, մեկուսացման, մեր կեանքին մէջ արհեստագիտութեան դերի թեմաները կեդրոնական  են անոր գերազանց ստեղծագործական գործունէութեան մէջ: Նուիրելով իր ժամանակը եւ տաղանդը` ան նաեւ կը դասաւանդէ եւ կը հանդիսանայ մշակութային ձեռնարկներու եւ շարժապատկերի փառատօններու գործօն մասնակից եւ ժիւրի: Ան նաեւ տաղանդաւոր արուեստագէտ է եւ թատրոնի ու օփերայի բեմադրիչ»,- նշուած է շքանշանի յանձնման արարողութեան ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին