Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Պատահակա՞ն թէ Դիտմամբ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Տարակարծութիւնները տակաւին կը շարունակուին Լիբանանի նախարարաց խորհուրդին միջեւ Պետական Պիւտճէի եւ Աշխատավարձերու յաւելումի հարցով, որ կրնայ շուտով լուրջ հարցի վերածուիլ՝ խափանելով կառավարութեան աշխատանքը, եթէ հակադիր կողմերը կառչած մնան իրենց կեցուածքներուն:

Նման հաւանական բախում մը, անշուշտ, իր ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձը պիտի ունենայ Ընտրական Նոր Օրէնքի մշակման քննարկումներուն վրայ, նամանաւանդ որ ոմանց կողմէ աշխատանք ալ կայ երկու թղթածրարները զիրար կապելու…:

Հարցումս հետեւեալն է այսօր. Այսքան նեղ ժամկէտով ընտրական օրէնքի մը հասնելու զուգահեռ, պետական պիւտճէի խնդրայարոյց թղթածրարը այս հանգրուանին քննարկելը պատահակա՞ն օրակարգ էր թէ դիտմամբ մէջտեղ եկած, նամանաւանդ եթէ նկատի ունենանք պատահած պարագաներ,  երբ պետական պիւտճէներ տուեալ տարուան ընթացքին քննարկուած չեն: Ինչո՞ւ է այս բծախնդրութիւնը այսօր եւ այս հանգրուանին, երբ ընտրական օրէնքի մը լոյս ընծայումը կենսական է յառաջիկայ ընտրութիւնները իր թուականին եւ նոր օրէնքով կայացնելու համար…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին