Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ճանչցուած բարերար Վարդան Ուզունեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը՝ ի արժեւորումն բազմամեայ ազգանուէր գործունէութեան եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական մշակոյթի եւ արժէքներու ներկայացման եւ պահպանման:
Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուարի 12-ին Լոնտոնի Քոփթորն Թարա հիւրանոցի մէջ՝ ներկայութեամբ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտիոյ հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ Արմէն Լիլոյեանի, ինչպէս նաեւ հարիւրէն աւելի հայ եւ բրիտանացի պատուաւոր հիւրերու:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սեզա Ուզունեանի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ ազգային օրհներգները:
Ելոյթով հանդէս եկաւ եւ պատուաւոր մետալով պարգեւատրուելու առիթով Վ. Ուզունեանին շնորհաւորեց Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի /Tekeyan Trust London/ նախագահ Սիլվա Գրիգորեան-Ահարոնեանը նաեւ հակիրճ անդրադարձաւ ԼԹԽՄ-ի շուրջ քառասնամեայ ազգանուէր գործունէութեան, որուն մէջ մեծ ներդրում ունի Վ. Ուզունեանը:
Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան անունով հանդէս եկաւ փոխնախագահ Դոկտ. Կարէն Արեւեանը: Մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ, ան ընդգծեց Վ. Ուզունեանի բեղուն գործունէութիւնը ԹՄՄ-ի մէջ՝ ի նպաստ հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին, հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածմանը:
Տօնական հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ՝ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոսի ճաշի աղօթքէն ետք: Ճաշի ընթացքին հիւրերը ունկնդրեցին ԼԹԽՄ «Կոմիտաս» երգչախումբի հիասքանչ կատարումները, ինչպէս նաեւ դիտեցին վաւերագրական ֆիլմ՝ նուիրուած ԼԹԽՄ ամենանշանաւոր նախագիծի՝ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի բացման եւ այդ առթիւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա․ելոյթին: Հարկ է նշել, որ Թէքէեան Կեդրոնի ծրագիրը կեանքի է կոչուած Վ. Ուզունեանի անմնացորդ նուիրումի եւ վեց տարիներու ընթացքին գործադրած մեծ ջանքերուն շնորհիւ:
Վարդան Ուզունեանի 55-ամեայ ազգանուէր գործունէութիւնը Լիբանանի, Եթովպիայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հայաստանի մէջ հակիրճ ներկայացուցին Մարալ Պոքոքը եւ ԼԹԽՄ եւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պեռնարտ Նազարեանը:
Ծնած է Սուրիա, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած ընտանիքի մէջ, որ այնուհետեւ տեղափոխուած է Լիբանան: Յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարրական վարժարանը, ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Լոնտոնի մէջ: Փոքր տարիքէն դաստիարակուած է հայկական ոգիով, հայրենասիրութեամբ ու սիրով դէպի ազգային մշակոյթը եւ գիտակցած է ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Ուսանողական տարիներէն բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է հայ համայնքներու ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ, ծառայելով սեփական ժողովուրդին:
Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի, Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիրներէն է: Մեծ նուիրումով գործունէութիւն ծաւալած է Եթովպիայի Արարատ ակումբի, Լոնտոնի Հայ տան երիտասարդական միութեան մէջ, ՀԲԸՄ-ի, Թէքէեան մշակութային միութեան մէջ, Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի հիմնադիր անդամներ եւ համախոհներ Կարօ Գրիգորեանի եւ Կարապետ Արեւեանի հետ, ՌԱԿ-ի, «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի եւ ազգային այլ հաստատութիւններու մէջ, ամրապնդելով Հայաստան-Սփիւռք կապերը մշակոյթի միջոցով: Իր անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ կեանքի կոչուած են շարք մը կարեւոր ձեռնարկներ, որոնցմէ յիշենք ուսանողական մշակութային փառատօնը Լիբանանի մէջ. հասարակական, մշակութային, մարզական միջոցառումները Եթովպիայի, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, «Էրեբունի» թերթը, «Արաքս» պարային համոյթը, Մեծ Բրիտանիոյ «Կոմիտաս» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն հրաւիրուած մշակութային գործիչներու, պարի եւ երգի համոյթներու, թատերական խումբերու ելոյթները ՄԲ-ի մէջ. եւ ի վերջոյ, «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի բարեգործական գործունէութիւնը, որ հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու վրայ:
Ներկայիս Վարդան Ուզունեանը Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի պատուաւոր քարտուղարն է, Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը, ԼԹԽՄ «Կոմիտաս» երգչախումբի նախագահը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի ատենապետը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ գանձապահը:
2011թ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ հայրապետական կոնդակով պարգեւատրուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով:
Քոփթորն Թարա հիւրանոցի մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկը շարունակեց դեսպանորդ Արմէն Լիլոյեանը՝ շնորհաւորելով Վարդան Ուզունեանը, ընթերցեց դեսպան Արմէն Սարգիսեանի ուղերձը եւ յանձնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատուաւոր «Կոմիտաս» մետալը: Ուղերձի մէջ մասնաւորապէս կ՛ըուէր. «Բարձր գնահատանքի է արժանի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ Ձեր զգալի աւանդը: Ձեր նուիրական աշխատանքով Դուք լաւ օրինակ կը ծառայէք օտարութեան մէջ իր հայեցիութիւնը կերտող եւ պահպանող երիտասարդ սերունդի համար: Այս մետալը եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանը, հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը յարատեւ են Ձեր նման նուիրեալ հայորդիներու շնորհիւ»:
Երեկոյի պաշտօնական մասը եզրափակուեցաւ Վարդան Ուզունեանի երախտիքի խօսքով՝ ուղղուած ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին զինք այդ բարձր պարգեւին արժանացնելու համար եւ գնահատելու իր ծառայութիւնները Սփիւռքի տարբեր հայ համայնքներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանիքին, բոլոր համախոհներուն ու աջակիցներուն, մասնաւորապէս Կարօ Գրիգորեանին եւ Կարապետ Արեւեանին, որոնք տարիներու ընթացքին սատարած եւ քաջալերած են իրեն` իրականացնելու տարբեր ազգանուէր ծրագիրներ:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ մշակութային ծրագիրով, որու երաժշտական մասը ապահովեցին մեցցո-սոփրանօ Անայիս Հեղոյեանը /կատարեց Տ. Չուխաճեանի «Փառանձեմի արիան» Արշակ Բ․ օփերայէն եւ Ն.Քալենթերեանի «Արդեօք ուր ես»/ եւ սոփրանօ Թերեզա Գէորգեանը /Կոմիտաս՝ «Կաքաւիկ» եւ Է.Աբրահամեան՝ «Ա՜խ, ինչ լաւ են սարի վրայ…»/, իսկ դաշնամուրային նուագակցութիւնը՝ Հաո Զի Յոհի: Այնուհետեւ ելույթ ունեցաւ «Լիմ» հայկական պարային համոյթը:
Հանդիսաւոր ձեռնարկը աւարտեցաւ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոսի շնորհաւորական խօսքով: Բարձր գնահատելով Վարդան Ուզունեանին վաստակը ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ, ան «Խաչքար» արժէքաւոր շտեմարանը նուիրաբերեց նուիրեալ հայորդիին: