Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Մայրենի Լեզուին Նուիրուան Օրուան Առիթով՝ Այցելութիւն Մաշտոցի Շիրիմին եւ Մատենադարան

Փետրուար 21-ին, Մայրենի լեզուի օրուան առիթով՝ հայ մտաւորականները, լեզուաբանները, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելած են Օշական եւ ծաղիկներ խոնարհած Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ կից դպրատան մէջ կայացած է Մայրենիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը ջերմօրէն շնորհաւորած է ներկաները Մայրենիի տօնին առիթով եւ ընդգծած. «Կ’ուզեմ դիմել բոլոր ներկաներուն, յատկապէս երիտասարդներուն, աշխարհասփիւռ հայութեան եւ խնդրել երկիւղածութեամբ ու սրբութեամբ վերաբերիլ լեզուին, պահել, պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայերէնը»:

Ձեռնարկի մասնակիցները ողջունած է նաեւ ՀՀ Արագածոտնի մարզպետի տեղակալ Նունէ Մովսիսեան:

Հայոց լեզուին նուիրուած ասմունքով, երգով, պարային բեմականացումով հանդէս եկած են Ագարակի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները:

Այնուհետեւ, ձեռնարկի մասնակիցները այցելած են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ՝ Մատենադարան եւ ծաղիկներ դրած Մ. Մաշտոցի արձանին առջեւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին