«2016 թուականին մասնակցելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին, որուն ժամանակ առաջարկուեցաւ իրականցնել «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը, մենք նոյնպէս որոշեցինք այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկել:
«Զարթօնք»-ի խմբագրութիւնով նախաձեռնեցինք Ամանորեայ բացառիկ թիւ հրատարակել եւ ատոր վաճառքէն գոյացած հասոյթով աջակցիլ Արցախին»,- «Հայերն այսօր»ի փոխանցմամբ` ներկայացուող տեսանիւթին մէջ կը պատմէ ընկեր Սեւակ Յակոբեան` աւելցնելով, որ իրենք այս հանգրուանին ընտրած են Արցախի զինուորները, քանի որ կը հաւատան` առանց զինուորի ո՛չ Արցախ կայ, ո՛չ Հայրենիք, ո՛չ պետականութիւն եւ ոչ ալ անկախութիւն:
«Հետեւելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակելու կոչին, պիտի շարունակենք Արցախին օգնութիւն ցուցաբերել»: ըսաւ ընկ. Յակոբեանը:
Աւելցնենք նաեւ, որ Հայոց Բանակի առիթով ընկ. Սեւակ Յակոբեան այցելելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանին փոխանցած է հանգանակութեան հասոյթով ձեռք բերուած Արցախի զինուորներուն համար նախատեսուած ձմեռնային տաք հագուստ, վերարկու եւ զինուորական այլ պարագաներ, որոնք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով պիտի ուղարկուին Արցախ (նուիրատուներուն ցանկը կը յայտարարենք յաջորդիւ):
«Կեցցէ՛ք. Ջերմացնում էք հոգիները. Ուժ էք տալիս. Յոյս էք տալիս». Ըսաւ Պրն. Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնելով «Զարթօնք»ի խմբագրութեան, տնօրէութեան, աշխատակիցներուն եւ ընթերցողներուն:
Այս առիթով «Հայերն այսօր»ի թողարկած տեսանիւթը կարելի է տեսնել եու թիւպի հետեւեալ կապին վրայ
https://www.youtube.com/watch?v=FgKqxlM-Nlw










