*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
«Բանակն ազգի ինքնաճանաչման հայելին է, բոլոր հայերու ծնունդն է, հայութեան հաւաքական կերպարն է, անոր պատասխանատուութիւնը, անոր պատմութեան վերագնահատումը եւ հայեացքը ապագային»: Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի հետեւեալ ասոյթը Հայոց Բանակի Զինուած Ուժերու կազմաւորման առիթով ինքնին առինքնող եւ ազգապարծանք խօսքեր են, որոնք կ’արտացոլեն սպարապետին բուռն հայրենասիրական ներաշխարհը:
«Մարդը ազատ է այն պահէն, երբ ան կը ցանկայ ըլլալ ազատ: Անկախութիւնը անվճար չէ, այն կ’արժէ օրական մէկ զինուոր»: Անկախութեան գինը շատ թանկ է, այն պէտք գնահատուի ըստ արժանւոյն, հանդիսանալով ժողովուրդի գուրգուրանքին պաշտամունքին:
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Խօսնակ պաշտօնաթերթին կից գործող Մշակութային Յանձնախումբի վարչութեան, Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Հայոց Բանակի կազմաւորման 25 ամեակին, «Հայոց Բանակը, Անկախութիւն եւ Անկախութեան Հոգեբանութիւնը» նիւթին շուրջ, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Տէյիրմէնճեանը: Երեկոն կը պատուէր իր ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը դեսպանատան անձնակազմին ընկերակցութեամբ:
Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէն ետք, ներկաները ըմբոշխնեցին հայ ազգագրական ու հայրենասիրական երգերու տեսահոլովակներ, ուր անոնք պահ մը թռչելով հայրենի երկիր, ապրեցան հոգեպարար պահեր, լիցքաւորուեցան հայրենասիրական շունչով ու ոգիով, միշտ համեստ հսկողութեան տակ տողերուս հեղինակին:
Երեկոյի յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց Տիկ. Մարալ Առնելեան, պատշաճ կերպով ներկայացնելով երեկոյի յայտագիրը:
«Անկախութիւն, ազատ կամքի արտայայտութիւն, սեփական բանակ, դարերէն մեզի մնացած արժէքներու ճաճանչում ու պաշտպանութիւն… այս բոլորը նորութիւններ են հայրենի լեզուամտածողութեան մէջ…» այսպէս արտասանեց իր բացման խօսքին մէջ Տիկ. Անժէլ Միսիսեանը, ուր ան միտքի թռիչքով մեզի կապեց 5-րդ դարէն մինչեւ Սելճուքներու-Մեմլուքներու յորդաները, Մեծ Եղեռն, ապա Հայաստանի խորհրդայնացում ու պանծալի անկախութիւն: Անկախութեան գաղափարի կծիկը դեռ կը կազմաւորուէր ազատագրական պայքարի շարժման ժամանակներէն՝ Իսրաէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Մխիթար Սպարապետ եւ ուրիշներ, որոնք ամէն ջանք ի գին կը դնէին ազատագրելու հայութիւնը բռնատիրութիւններէն. անոնք կ’երազէին ու կը տենջային անկախ հայրենիք մը ունենալու գաղափարը իրականութիւն դարձնել: Սակայն «աւազներու կրակներէն, ցեխապատ ձիւներէն, թէ աշխարհակործան հրդեհներէն, դարձեալ յառնեց Նայիրեան ոգին» եւ ազատ թռիչքով ճախրեց փիւնիկի նման՝ հաստատապէս կնքելու անկախութեան գաղափարաը ժողովուրդին մէջ:
Տիար Վազգէն Մուղալեան յստակ ընթերցանութեամբ ներկաներուն փոխանցեց Հայոց Բանակի ստեղծման ոգին ու մարտական հոգեբանութիւնը՝ հայոց ազատագրական պայքարի վերջին շրջանի անցուդարձերը համապարփակ եւ իմաստալից, երեւակայական թռիչքով կարծես կայք հաստատեց բոլոր այն հանգրուաններուն, որոնք տեղի ունեցած են:
Հայրենասիրական երգի մը մեկնաբանութիւնը զգլխեց ներկաները, երբ Առնօ Պապաճանեանի «Իմ Երեւան» երգը գեղգեղիչ ձայնով մեկնաբանեց Արմանի-Հերա Սէլիմեանը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արէն Տէիրմէնճեանին:
«Հայոց քաջ բանակին» նուիրուած ասմունքը հայ մարտիկի մը բարձրագոչ եւ հաստատաւոր մեկնաբանութիւնն էր, զոր գեղեցկօրէն ներկայացուց Յակոբ Զարմէնեանը, որուն յաջորդեց «Ծիծեռնակ» եւ «Հայաստան» եղանակներու նուագը ջութակի վրայ, կատարողութեամբ՝ Խաժակ Խաչատուրեանի:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ եւ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Նաիրա Էտիկարեան-Մինասեան, որ մեկնաբանեց՝ «Անկախութիւն» եւ «Հայաստան» քերթուածները:
Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակումի պատմական պահը ու Հայաստանի զարգացումներն ու յառաջդիմութիւնները համապարփակ, նաեւ կոչ ուղղելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութեան, որպէսզի ձեռք-ձեռքի տալով կերտեն հայրենիքը:
Ապա, տիկ. Մարալ Առնելեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօս Տիկ. Մարալ Տէիրմենճեանի կենսագրականը ու զայն բեմ հրաւիրեց ներկայացնելու համար իր նիւթը:
Բացմաբովանդակ ու սահիկներով հարստացած, տիկին Տէյիրմէնճեան հոգեբանական տեսակէտով նուրբ, սակայն հարազատ անցումներ կատարեց հայ ժողովուրդի հոգեբանական մօտեցումները՝ ելլելով անոր նկարագրի կազմաւորման դրական ու բացասական կողմերէն: Անդրադարձաւ արեան կապի ու զօրութեան ու այն կապի մասին, որ որքան ալ բացատրենք ու վերլուծենք, անկարելի է ճշգրիտ գաղափարը տալ, քանի որ ան կապուած է մեր պապենական հողին ու ջուրին՝ «կախարդական» շղթայակապով: Ան անդրադարձաւ հայկական անուններուն, որոնք մինչեւ հիմա կ’օգտագործուին եւ որոնք եկած են Հայկական հին թագաւորական շրջաններէն: Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի իւրայատուկ պատմութեան՝ եկեղեցական, քաղաքական, տնտեսական, սակայն մատնանշեց այն կարեւոր իրողութիւնը, թէ ազգեր իրենց տան պատերը իրենց սեփական լեզուի տառերով չեն զարդարեր, միայն հայերն են որ հայ աբուբենը գեղեցկազարդ նախշերով շրջանակուած կը գեղեցկացնեն իրենց օճախներուն պատերը, քանի որ հայոց տառերը որպէս մէն մի զինուոր, թանկագին արժէք են եւ ազգային պաշտպանութիւն տուած են գրականութեան բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու այլ ոլորտներու մէջ..:
Արագ թերթատելով պատմութեան էջերը, յարգելի բանախօսը ընդհանուր կէտերու մէջ ընդգծեց հայերու նկարագիրի դրական եւ բացասական կողմերը, համեմատելով այն Մասլօ-ի տեսութեան սանդղակին հետ, մատը դնելով այն վէրքին վրայ, որ կը կոչուի Հայու ԵՍ-ը: Ան միշտ ձգտած է մէկ անգամ ոստումով հասնիլ «յարգուած ըլլալու պահանջմունք-ինքնայարգանք եւ ճանաչում» աստիճանին եւ բարձրանալ «ինքնաիրականացման պահանջմունք-ունակութիւններու զարգացման» մակարդակին, առանց հաշուի առնելով մարմնական եւ բնախօսական պահանջքի՝ ջուրի, քնանալու, սնունդի անվտանգութեան, կայունութեան, կարգ ու կանոնի…եւայլն: Մարդկային յարաբերութեան մէջ, յարգելի բանախօսը անտարբեր չմնաց այն հանգամանքէն, թէ հայերը աւելի լայնախոհ պէտք է ըլլան միջազգային հարթակներու վրայ, եսապաշտութենէն պէտք է անցնիլ այլեւս միասնականութեան, մէջբերում ընելով Ուիլիամ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքէն, թէ «Երբ երկու հայեր իրարու հանդիպին, նոր Հայաստան մը կը կառուցեն»: Անձնական փորձառութենէն բաւական օրինակներ բերելով, ան շեշտը դրաւ այր եւ կնոջ փոխյարաբերութեան, զարկ տալով հաւասարութեան, քանդելով այն պատնէշը պապենական սովորութիւններու, ուր ներկայ դարուս պահանջները կը թելադրեն հաւասարապէս դիմագրաւել կեանքի դժուարին պայմանները, շեշտը դնելով կին ղեկավարի դերը՝ զարգացող կեանքին մէջ:
Արդարութեան պահանջքի հոգեբանական մօտեցումով, բանախօսը քաջալերեց դուրս գալ պատմութեան ընթացքին հայերու վրայ տեղի տուած ճնշուածութեան քաոսէն, լուծումներ գտնելով խնդիրներու թնճուկներուն, որպէսզի այլեւս հայը չմնայ մելամաղձոտ ու անոր ստեղծագործած ու հնչեցուցած մեղեդիները չըլլան տխուր:
Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութեան մասին ան անդրադարձաւ ըսելով, որ հայրենի իշխանութիւնները աւելի եւս ջանք պէտք է կատարեն հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման, որուն հետեւանքով հայրենիքը առ աւելի կը դառնայ բարգաւաճ ու հաստատուն իր անկախութեան մէջ: Ան քաջալերեց հայորդիներուն ըլլալ յաջող իրենց ասպարէզներուն մէջ եւ հետեւաբար յաջողութեան այդ գաղափարը ուղղորդել դէպի հայրենիքի բարգաւաճման եւ ապագայի կերտման յաջող գործընթացին: Զկայ Սփիւռք առանց հզօր հայրենիքի: Եւ բոլորին նպատակը պիտի ըլլայ վերադարձ՝ դէպի հզօր հայրենիք:
Այս շահեկան երեկոյի վերջաւորութեան ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր տիար՝ Համբիկ Մարտիրոսեան նախ խնդրեց ներկաներէն, որպէսզի յոտնկայս ծափահարութեամբ յարգեն Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին ինկած ազատամարտիկներուն յիշատակը, ապա վերամբարձ խօսքերով պատուեց Հայոց Բանակը, որ հայրենիքին տուաւ անկախութիւն, խաղաղութիւն եւ հպարտութիւն: Ապա ան յայտնեց իր շնորհակալական խօսքերը եւ աւարտին յուշանուէրով մը պատուեց երեկոյի գլխաւոր բանախօս Տիկ. Մարալ Տէիրմենճեանը: Ան, շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն եւ բոլոր ներկաներուն: Խանդավառ երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ: