Երեքշաբթի, 27. 01. 2026

spot_img

Մեր Ներքին Թերութիւնները Թուրքերն Ու Ազրպէյճանցիները Չեն Ստեղծեր. Սերժ Սարգսեան

Հանրապետութեան նախագահ, ՀՀ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործող հաւաքի մասնակիցներուն հետ:

Հաւաքը նպատակ ունի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձերուն հետ հանդիպումներու եւ դասախօսութիւններու միջոցով մասնակիցներուն ծանօթացնել ՀՀ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, ԶՈՒ զարգացման միտումները, քննարկել պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՀ այլ ուժային կառոյցներու միջեւ փոխգործակցութեան հարցերը, իրականացնել փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ մասնագիտական հաւաք-պարապմունքներու միջոցով բարձրացնել ու կատարելագործել զօրավարներու, սպաներու, քաղաքացիական յատուկ ծառայողներու գիտելիքներն ու ունակութիւնները ռազմավարութեան, գործնական արուեստի եւ զօրքերու կառավարման, գործառութային պարտականութիւններու կատարման բնագաւառներուն մէջ, պաշտօնատար անձերու մօտ ձեւաւորել միասնական պատկերացումներ ու տեսակէտներ բանակի մարտունակութեան եւ պետութեան պաշտպանունակութեան շարունակական բարձրացման հարցերով:

Նախագահ Սարգսեան ՀՀ ԶՈՒ ղեկավար կազմին հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային եւ ազգային անվտանգութեան օրախնդիր հարցերու մասին, պատասխանած հաւաքի մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն:

Ան, իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է.

«Կը ցանկամ խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային եւ ազգային անվտանգութեան օրախնդիր հարցերու մասին: Այս հարցերու պարզաբանումը անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան գործը ճիշդ կազմակերպելու համար: Իմ խօսքէս ետք, անշուշտ, կ՛ակնկալեմ ձեր հարցումները:

«Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային անվտանգութեան հարցերը չեն պատկանիր Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղղակի լիազօրութիւններու շարքին: Սակայն դուք բոլորդ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ էք, ուստի այդ հարցերու պարզաբանումը ձեզի համար կարեւոր կը համարեմ այդ տեսանկիւնէ:

«Մեր անմիջական արտաքին միջավայրը բարդ է, խճճուած, յաճախ` խիստ հակասական ու անհասկնալի: Սակայն ատիկա բնաւ չի նշանակեր, որ այդ ամէնուն հետ մենք պէտք է պարզապէս համակերպուինք եւ ձեռքերնիս ծալլած նստինք, սպասենք, տեսնենք, թէ մեզի ինչ անակնկալներ պիտի հրամցնեն:

«Ըսած եմ եւ կը կրկնեմ` այն մտայնութիւնը, թէ մենք դատապարտուած ենք ձախողման, քանի դեռ Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ, եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող շրջափակումը վերցուած չէ, անընդունելի է:

«Մեր ներքին թերութիւնները թուրքերն ու ազրպէյճանցիները չեն ստեղծած: Մեր երկրի կառավարման թերութիւնները անոնց հետ որեւէ առնչութիւն չունին եւ անոնց պատճառով չեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին