Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Նոր Սարդոստայնը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան, արեւը չ’ըսեր բարեւ ինչ տեսակ արեւ է սա… անշուշտ արեւը եւ զայն դիտողը մէկ միութիւն են: Բնական արեւը փոխարինուած է հիմա, վերջին տասնամեակներուն մանաւանդ, ա՛յլ «արեւ»ով մը արուեստական, որ վերածուած է ախտի, ան ալ նիւթապաշտութիւնն է:

Ո՞վ կը հաւատայ որ 6-7 տասնամեակներ առաջ գրախանութ մը կար որ վարձու գիրք կու տար ու աշակերտներ կամ գրասէրներ, որոնք ի վիճակի չէին գնման գումարը յատկացնելու կը վարձէին, որպէսզի ըմբոշխնեն իրենց նախասիրած նիւթերը: Իսկ մեր հայկական օրաթերթերը թերթօնի դրութիւն ունէին ու օրը օրին զանոնք հաւաքելով, յետագային գիրքի կը վերածուին կազմարարներու կողմէ: Եւ դեռ՝ իմ յաճախած  վարժարանիս մէջ (Սահակեան) ուսուցիչը գրատախտակին վրայ պատրաստած կ’ըլլար դասաւանդելիքը ու մենք՝ մեր տետրակներուն կ’ընդօրինակէինք. այսպիսով թէ՛ նիւթին կ’առնչուէինք եւ թէ՛ ուղղագրութիւն սորված կ’ըլլայինք:

Շուկայական յարաբերութիւնը որ տրամաբանական է, հոս եւս ի գործ կը դրուէր: Երբ ապրանքը քիչ է եւ սպառումի պէտքը շատ, ապրանքը կ’արժեւորուի, իսկ առատութիւնը կ’արժեզրկէ: Իսկ ինչ որ շա՜տ բնական կը թուի ու ինքնեկ է, գրեթէ արժեզրկուած է գնահատական տեսանկիւնէ. սակայն երբ ան խլուի մեզմէ, հոս է որ կը զգանք անոր պէտքն ու կ’արժեւորենք. այս ալ մարդկային բնական տկարութիւններէն մին կարելի է որակել:

Հարիւրամեակներ մեր պատմական հայրենիքին մէջ ենթակայ ըլլալով, մենք մեր գոյութիւնը վստահած ենք «թուղթէ շերեփ»ին, քանի որ արգիլուած էին մեզի նոյնիսկ ձիավարել, ա՛լ ո՛ւր մնաց ունենալ «երկաթէ շերեփ»: Հուսկ, թուղթն էր մեր գոյութեան գլխաւոր միջոցը եւ դեռ՝ ոչ այդքան ազատօրէն, եւ խունկը եկեղեցւոյ:

Դարերու ընթացքին միշտ ալ ըմբշամարտ գոյացած է երկաթի եւ թուղթի միջեւ… եթէ հարց տանք զրադաշտականի մը, թէ ո՞վ է Մեծն Աղեքսանդր, պիտի ըսէ անվարան.- Այդ սատանի որդին որ երկաւ Արեւմուտքէն եւ հրկիզեց մեր գիրքերը… եւ պատմութիւնը երկար է նմանօրինակ դէպքերով: Զէնքի յենքով  բարձրացող ուժ մը, անպայման կը հրկիզէ հակառակորդի թուղթէ արգասիքը, որ ի հարկէ ժողովուրդի մը կռուանն է լինելութեան, ուր կը տրուի անցեալ պտղաբերումը, մտաւոր մշակոյթի զարգացումը, ուղղութիւնը, կոփելու իր ժողովուրդը, պատրաստելու գալիքին:

Իսկ հիմա ո՞ւր ենք… այլեւս գիրք այրող չկայ… փոխուած է գործելակերպը: Ո՞ւր ենք… համացանցի մէջ, սարդի ոստայնի մէջ բռնուած միջատի նման, որքա՜ն քրտինք ու ջանք հարկաւոր է զատորոշելու մերը՝ ընդհանուրէն. Շիրազի խօսքով՝ որ ուղղուած է ա՛յլ տեղ, սակայն կարելի է օգտագործել հիմա եւս. «Ու թող այնտեղ Ջեմման Ջեմմա, Աստղիկն այստեղ Աստղիկ մնայ»: Իբրեւ հակադրելու՝ ձուլման՝ մեր երկդարեայ դրացիին հետ, որը պատմութեան վկայութեամբ, եղած է ու է՛ տակաւին կռուան՝ անտարակոյս ո՛չ անշահադիտականօրէն, ինչ որ շա՜տ բնական է որեւէ փոխյարաբերութեան մէջ: Բայց եւ ընդհանրապէս յօգուտ մեր լինելիութեան:

Իսկ հիմա, համայնակուլ իրականութեան դէմ յանդիման, ո՞ւր կը մնայ «Գիր սիրի ղալամ սիրի, տաֆդար սիրի»,-Սայեաթ Նովայի յորդորը.- երբ մարդիկ աւելի հոսանքէն ու բնազդօրէն կը մղուին, քան՝ խոհականօրէն:

«Գիրք Նուիրելու Օր» բայց ընթերցասիրութիւնը շա՜տ դժուար է այլեւս եւ արդէն այդքան ալ հեշտ չէր:

Տեսնենք ի՛նչ կը գրէ Չարենց ու… աւարտենք (թէեւ այլ առիթներով ալ գրած է ըստ յարմարւոյն):

Ուղարկում եմ գիրքս քեզ,

Ո՜վ դու ընթերցող,

Կ’ուզես՝ կարդայ, օ, կ’ուզես՝

Շպրտիր մի կողմ:

«Շպրտիր» քերականական լուծում.- դառնութիւնն արտայայտող բառ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին