Այս շաբաթ ՌԱԿ-ի «Միրաք» շարժումի կիրակնօրեայ հաւաքի օրը զուգադիպեցաւ մեծանուն գրող, Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրուան` փետրուարի 19-ին, հետեւաբար «Միրաք»ի հանդիպման ընթացքին կը տիրէր թումանեանական մթնոլորտ: «Միրաք»ի պատանիները զրուցեցին Թումանեանի կեանքի եւ ստեղծագործութիւններու, ինչպէս նաեւ սոյն օրը իրարու գիրք նուիրելու մշակոյթի տարածման կարեւորութեան մասին: Անոնք գծագրեցին Թումանեանի հեքիաթներէն պատկերներ:
«Միրաք»ի ուսանողական խումբին հետ զրոյց վարեց տոքթ. ընկ. Ճորճ Բարսեղեանը, անոնց բացատրելով ընկերային յարաբերութիւններու մէջ գործող անխախտ կանոններու մասին, մարդկային վերաբերմունքի, փոխադարձ յարգանքի, եւ անձնական յարաբերութիւններու հաւաքական կեանքէն ներս ճիշդ դրսեւորման շուրջ: Նիւթը մասնաւորելով, ընկ. Բարսեղեան «Միրաք»ականներուն բացատրեց միութենական կեանքէն ներս միասնական աշխատանքի փորձի արդիւնքով ձեռքբերուած եւ ամրապնդուած ընկերութիւններու իւրայատկութիւնն ու անկեղծութիւնը:
Ընկհ. Լոռի Հովիւեան, որ նոյնպէս ներկայ կը գտնուէր հանդիպման, երկրորդեց ընկ. Ճորճի խօսքը, պատմելով Թէքէեանի ակումբային կեանքէն ներս ձեռք ձգած իր ընկերային փորձառութեան եւ հոգին հարստացնող հարուստ յիշատակներուն մասին: