ԼՂՀ սահմանադրական հանրաքուէին մասնակցած է 79 380 ընտրող կամ ընտրողներուն 75.91 տոկոսը: ԼՂՀ հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովի մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած ամփոփիչ ասուլիսին այս մասին յայտարարեց ԼՂՀ ՀԿՅ փոխնախագահ Եղիշէ Արզումանեան:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 20-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որով կը նախատեսուի պահպանել եւ հզօրացնել նախագահական կառավարումը: Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունի 102 757 քաղաքացի:






