Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Մասնակցեցաւ Սահմանադրական Հանրաքուէին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3/3 ընտրատեղամասին մէջ կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը` մասնակցելով սահմանադրական հանրաքուէին:

Քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ԼՂՀ նախագահը սահմանադրական հանրաքուէի իրականացումը գնահատեց որպէս մէկ քայլ առաջ պետականաշինութեան գործին եւ բոլորին շնորհաւորեց այդ տօնին առիթով:

«Սահմանադրական հանրաքուէն տարիներ շարունակ ընթացող պետականաշինութեան գործին մէջ մեր անշեղ ճանապարհի հերթական ապացոյցն է: Եւ այս քայլով մենք հերթական անգամ մեր հաւատարմութիւնը կը յայտնենք այն արժէքներուն, որոնցմով մենք մշտապէս առաջնորդուած ենք», – ըսած է ԼՂՀ նախագահը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցին` արդեօք նախագահը կը պատրաստուի՞ իր լիազօրութիւններու աւարտէն ետք կրկին առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին, Բակօ  Սահակեան ըսած է. «Երբ քաղաքական ուժերը նախաձեռնած են այս գործընթացը, անոնց նպատակը եղած է պարզ: Այս քայլով մենք կը հետապնդենք մեր երկրի զարգացման, հզօրացման համար լրացուցիչ  հնարաւորութիւններ ստեղծելու նպատակ: Մեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք, որ երբ գայ ժամանակը, ու մենք պարտաւոր պիտի ըլլանք խօսելու մեր ապագային մասին, այդ ժամանակաշրջանին կը յայտարարենք մեր որոշումներուն մասին»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին