Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Հայաստան 3-րդ Հանրապետութեան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Նախօրեակին Կեղծ Ժողովրդավարութիւն Հաստատելու Մոլուցքով՝ Չկորսնցնենք Հայաստանը

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ* 

Եթէ Խորհրդային կարգերու ժամանակ Հայաստանի գերագոյն Սովետի, համայնավար կուսակցութեան կամ ալ «Քոմսոմոլ»ի ղեկավարութեան ընտրութիւնները կանխապէս համաձայնեցուած էին եւ կ’անցնէին անշշուկ մթնոլորտի մէջ՝ ապա եւ ազատ անկախ 3-րդ հանրապետութեան խորհրդարանական թէ նախագահական ընտրապայքարները միշտ անցան փոթորկալից իրադարձութիւններով, երբեմն ծեծ ու ջարդերով, ահաբեկումներով, կաշառքներու բաժանմամբ եւ այլն, ինչպէս «օրինաչափ» է նոր զարգացող պետութիւններու մէջ: Անշուշտ, այսօր ռազմավարական շատ կարեւոր եռանկիւնի մէջ գտնուող թշնամիներով շրջապատուած, ծովէ զրկուած մեր պետութիւնը դարձած է ինչպէս միշտ՝ գերհզօր պետութիւններու եւ անոնց դրածոներու պայքարի կիզակէտ: Ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը պատերազմներու եւ սպառազինութիւններու թոհուբոհին մէջ տառապող աշխարհաքաղաքական զանգուած եւ այս բոլորին մէջ, համայն աշխարհի յոյսն եւ ապաւէնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու շուրջ 32 հազար քառ. Քլմ. Տարածքներով:

2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմ, ազրպէյճանական անվերջ սպառնալիքներ, իսկ հայկական միացեալ քաղաքի բանակ, զինուած այնպիսի հրթիռներով եւ զէնքերով, որ Զօր. Արկատի Տէր Թադեւոսեանի «քօմանտոս»ի խօսքերով կրնայ Պաքուի բռնակալութեան կէսը յօդս ցնդեցնել, քանի մը վայրկեանէն…: «Սի-Այ-էյ»ի արխիւներու բացայայտմամբ, երեւան կու գայ թէ խորհրդային հիւլէական առաջին ռումբը Հայաստանի մէջ ծնունդ առած է (Աբրահամ Ալիխանեանի «հայրութեամբ» եւ Հայկ Պատալի Յովակիմեան անմահ հետախոյզի 35000 էջ գաղտնիքներու փոխանցմամբ «Լոս Փլամոսի»ի գաղտնարաններէն…): Աւելին, լկտիաբար Ալիեւի կը յանձնուի ռուսական եւ իսրայէլեան կրկնակի քաղաքացիութիւն ունեցող «պլօկըր» Ալեքսանդր Լապշինը, մինչ աւելի քան 2 միլիարդ տոլարի ազերի ջարդարար բանակին զէնք ծախող Նաթանիահու նոյնիսկ բառով մ’իսկ տէր չ’ուզեր դառնալ քաջարի լրագրողին, որ արհամարհելով բոլոր արգելքները՝ ազատագրուած Արցախ այցելած է…:

Այսպիսի խիստ վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ ընթացող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընտրապայքարը զարմանահրաշ «դաշինք»ներ կը ստեղծէ: Արեւմուտքի «մարդիկ» համարուող Ռաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Վարդան Օսկանեան (ՀՀ Արտաքին գործոց նախկին նախարարներ), իրենց «զէնքերը» կը միացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, նախագահ Վլատիմիր Փութինի «ջերմ» բարեկամ համարուող Զօր. Սէյրան Օհանեանին: Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան 2-րդ նախագահ, աւազակապետ Ռոպերթ Քոչարեանի ( 4-15 միլիար տոլար յափշտակած իր իշխանութեան տարիներուն) գործընկեր եւ Մայր հայրենիքի վերայայտ փրկիչ Գագիկ Ծառուկեան, Մովսէս Մարգարէի լոյսը տեսնելով Սինայի լերան բարձրունքին յանկարծ կ’որոշէ վերադառնալ քաղաքական դաշտ, իր «Բարգաւաճ Հայաստան»ով՝ ունենալով հզօր դաշնակիցներ, ինչպէս ՀՌԱԿ-ը (ոչ այլեւս – խմբ. ). թէ գաղափարական ինչպիսի՞ հարթակի վրայ, այն ալ հարցական է:

Հայ Ազգային քոնկրէսի խօսնակ Լեւոն Զուրապեան երջանիկ ժպիտով, Հ1-ի եւ այլ հեռուստատեսութիւններով կը յայտարարէ իրենց մօտալուտ յաղթանակի մասին՝ Հայաստանի գալիք «թափանցիկ» եւ «անխարդախ» ընտրութիւններուն, որոնց իրականացման մասին երեւի երաշխիքներ ստանալով Ուաշինկթընի եւ Սթրազպուրկի «ժողովրդավարութեան ասպետ»ներէ:

Մէկ խօսքով, միլիոններ պիտի հոսին, իշխող հանրապետական կուսակցութիւնը գահընկեց ընելու եւ խափանելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի հայ-ռուսական անխախտելի դաշինքը, որ իր բոլոր անկատար կողմերով՝ միակ երաշխիքն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման իր իսկ ազատագրած հողերուն վրայ՝ 1375-ի հայոց վերջին թագաւորութեան անկումէն ետք: Դժբախտաբար Նացիզմի գործակալները, որոնք հայ ժողովուրդի փրկութիւնը կը տեսնէին «Վեհրմախթ»ի եւ Մարշալ Չաքմաքի հորդաներուն  խորհրդային Հայաստանը «պոլշեւիկեան լուծ»էն, այսօր ազգային հերոսներ դարձած են քաղաքամայր Երեւանի մէջ, մինչ երկրագունդը 3-րդ համաշխարհային պատերազմէ փրկող Անաստաս Միկոյեանի արձանը, արգիլուած է իր արժանի տեղը գրաւել երկրի մը մէջ, որ փրկուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին նոյնինքն Միկոյեանի կազմակերպած ներգաղթով, որ իր բոլոր տժգոյն էջերով կանգուն պահեց Մայր Հայրենիքը:

Հայ ժողովուրդն ու 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ամօթի խարան է Արեւմուտքի ճակատին, որոնք մինչեւ այսօր յայտնի թէ գաղտնի կը սնուցեն ցեղասպան Թուրքիան, որուն մանկլաւիկները 100 տարի ետք, 2015-ին Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն դէմ կոտորածներ ու եզիտի եղբայր ժողովուրդին դէմ ալ ցեղասպանութիւն իրագործեցին: Այո՛, այսօր, ամերիկեան նաւատորմի օդանաւակիրները Հայաստանի ժայռերուն վրայ չեն կրնար լողալ: Այնպէս որ իբր թէ կեղծ ժողովրդավարութիւն հաստատելու մոլուցքով չկորսնցնենք նաեւ Հայաստանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին