Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Հաղբատի Մէջ Սայեաթ Նովայի Թանգարան Պիտի Բացուի

Հաղբատի մէջ մօտ ապագային Սայեաթ Նովայի թանգարան պիտի կառուցուի: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ունի որոշման նախագիծը։ Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

«Ունինք 17 ներդրումային ծրագիրներ, որոնց մեծ մասը արդէն սկսած է եւ յառաջիկայ մէկ-երկու ամիսներուն իրականութիւն կը դառնան: Բայց անոնց իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր ամիս կ՛աւելնան նոր գաղափարներ», -նշած է Ամիրեան, կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ նախընտրական շրջանը որքանով կրնայ ազդել ներդրումային ծրագիրներուն վրայ, առկախել զանոնք` նախարարը ըսած է. «Չեմ կարծեր, որովհետեւ կայ աշխատակազմ, կան մարդիկ, կան ՊՈԱԿ-ներ, որոնք համաձայն պետական ծրագիրներու, յանձնարարականներու կ՛աշխատին, եւ ներդրումային ծրագիրներուն մեծ մասը մասնաւոր հատուածի հետ համագոծակցութեան արդիւնք է, իսկ մասնաւորը շահագրգռուած է շատ արագ իրականացնել զանոնք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին