Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Գիրք Նուիրելու Շաբաթ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ երեկոյեան Հայկազեան Համալսարանի մէջ ներկայ գտնուեցայ «Լիբանանահայ գիրքը 2012 – 2016 տարիներուն» ձեռնարկին:

Հայկազեանի այս աւանդական ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկազեանի Տէրեան գրադարանի տնօրէնութեան կողմէ, քաջալերելու Լիբանանահայ գիրքն ու անոր նուիրեալ հերոսները:

Ձեռնարկի ընթացքին ուրախութեամբ իմացայ, որ տուեալ տարիներուն Լիբանանի մէջ լոյս տեսած է շուրջ 200 անուն գիրք, որ տեղական մակարդակով  չափանշային չըլլալով հանդերձ, եթէ նկատի ունենանք գիրքի տպագրութեան համաշխարհային անկումը եւ մանաւանդ գիտակցելով, որ Լիբանան Հայաստանէ ետք երկրորդը կը հանդիսանայ        ամենաշատ հայանուն գիրք հրատարակող գաղութներու ցանկին մէջ, այս մէկը կը շեշտէ լիբանանահայ գաղութին կարեւորութիւնը հայապահպանման գործին մէջ:

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը պրն. Վիգէն Աւագեանն էր (տնօրէն Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճի): Պրն. Աւագեան իր հետաքրքրական եւ գիտական մօտեցումով խօսքին  մէջ ընդգրկեց շատ կարեւոր կոչ մը:

Ան օրինակ բերելով Հայրենիքի մէջ որդեգրուած «Գիրք Նուիրելու Օր»ը, որ կը զուգադիպի այս Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ին՝ առաջարկեց այս մշակութային շատ կարեւոր սովորութիւնը ներածել Լիբանան եւ նման օր մը նուիրել այս ազնիւ նպատակին:

Անմիջապէս եւ գործնականապէս ընդառաջելով պրն. Աւագեանի կոչին, «Զարթօնք»ը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գիրքեր պիտի նուիրէ Լիբանանահայ աշակերտութեան՝ անոնց  մէջ զարգացնելու ընթերցասիրութիւնը, որ շատ կարեւոր ազդակ է պատանի միտքի զարգացման համար:

Յուսալով, որ Պրն. Աւագեանի կոչը ընդհանուր վիճակի կը վերածուի լիբանանահայ կեանքին մէջ՝ մենք այսօրուընէ կը պատրաստուինք իրականցնելու յառաջիկայ շաբթուան մեր օգտաշատ նուիրատուութիւնը, փորձելով լաւ օրինակ մը հանդիսանալ բոլորին:

Բարի Գիրք Նուիրելու շաբաթ բոլորին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին