Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Ապրիլ 23-ին Նիւ Եորքի Մէջ Հազարաւոր Մարդիկ Պիտի Յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Ապրիլ 23-ին հազարաւոր մարդիկ պիտի հաւաքուին Նիւ Եորքի Թայմս սքուէր հրապարակին վրայ` յարգելու համար անմեղ զոհերու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին օրը:

Հայոց ցեղասպանութեան հետ մէկտեղ Ապրիլին, որ Ցեղասպանութիւններու մասին իրազեկման ամիս յայտարարուած է, պիտի յարգեն նաեւ Հոլոքոսթի զոհերուն, ինչպէս նաեւ նորագոյն պատմութեան այլ ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը, կը գրէ The Armenian Weekly-ին:

Ձեռնարկը բաց է, ցանկացող մարդիկ կրնան միանալ եւ իրենց յարգանքի տուրքը տալ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, որոնք սպաննուած են 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Ելոյթներով հանդէս պիտի գան յայտնի դերասաններ, քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ եւ մարդասէրներ: 2017-ի ձեռնարկի թեման է` «Թուրքիան պատասխանատու է Ցեղասպանութեան համար. Անհերքելիի ժխտումը յանցագործութիւն է»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին