Սպահանի «Ալ-զահրա» ուսուցման եւ բժշկական կեդրոնի (ICU) բաժանմունքին մէջ աշխատող հայ բուժքոյր Անահիտ Փիլոսեանը, Սպահանի հիւանդապահութեան համակարգի կազմակերպութեան կողմէն ճանչցուած է իրանական 1395 թուականի (մեկնարկած է 2016 թուականի Մարտ 20-ին) օրինակելի բուժքոյր` մասնագիտական բարձր հմտութիւններուն, հիւանդներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան եւ աշխատանքին մէջ դրսեւորած պարտաճանաչութեան ու բծախնդրութեան համար:
norjugha.ir կայքին համաձայն՝ Անահիտ Փիլոսեան ծնած է 1976 թուականին, Ահվազի մէջ, ուր եւ ապրած է մինչեւ իր ամուսնանալը` 2000 թուականը: Ան իր դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Ահվազի հայոց ազգային «Քարուն» տարրական եւ «Րաֆֆի» ուղեցոյց ու պարսկական «Եֆաթ» միջնակարգ դպրոցներուն մէջ:
Այնուհետեւ ընդունուած է Ահվազի Ազատ համալսարան: Աշխատանքի անցած է «Ալ-զահրա» հիւանդանոցին մէջ` 2001 թուականէն եւ մինչեւ օրս կ՝անդամակցի Սպահանի հիւանդապահութեան համակարգի կազմակերպութեան:






