Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

ԱՄՆ Կառավարութիւնը Լրացուցիչ 4,8 Միլիոն Տոլար Պիտի Ուղղէ Հայաստանի Մէջ Մասնաւոր Հատուածի Զարգացման

ՀՀ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւններու միջեւ «Աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ» օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ 9 փոփոխութեան կնքման առաջարկին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան նշած է, որ կը նախատեսուի 4 միլիոն 800 հազար տոլար լրացուցիչ յատկացում, որուն պարագային ամերիկեան կողմին տրամադրած դրամաշնորհներուն ընդհանուր գումարը՝ համաձայնագիրին ծիրէն ներս՝ կը կազմէ 61 միլիոն 136 հազար տոլար:

«ԱՄՆ ՄԶԳ տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` յատկացուելիք 4,8 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի իրականացուող 6 ծրագիրներու, մասնաւորապէս, «Գործընկերութիւն գիւղական բարեկեցութեան», «Գիւղական զարգացման ընդլայնուած նախաձեռնութիւն», «Մշակութային զբօսաշրջութիւն Հայաստանի մէջ», «Աջակցութիւն Ակրոպիզնէսի ուսուցման կեդրոնին»,­- ըսած է Սուրէն Կարայեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին