Եթէ 19-րդ, 20-րդ դարերուն մինչեւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի երեւան գալը տպագիր գրականութիւնն ու մամուլը շատ մեծ նուաճումներ արձանագրեցին եւ այդ օրերուն, միլիոնաւոր ընթերցողներ, միջազգային պարգեւներ ու մրցանակներ համաշխարհային մակարդակի փառքի ու ճանաչման արժանացուցին գրողներն ու լրագրողները, ապա եւ 21-րդ դարուն ծնունդ առաւ եւ շատ արագօրէն տարածուեցաւ համացանցային տեղեկատուութիւնը եւ մասնաւորապէս մամուլը: Երբ ամերիկեան «Սի Էն էն» հեռատեսիլի տիտանը առաջին անգամ նորամուծութիւն կատարեց 24 ժամեայ լուրերու եւ հեռասփռուած ֆիլմերու արբանեակային ղեկավարութեամբ՝ այսօր, համացանցի, «Ֆէյսպուք»ի «թուիթըր»ի հազար ու մէկ համացանցային թերթերու, կայքէջերու միջոցով ամէն վայրկեան կարելի է հսկայական տեղեկութիւն, լուրեր, յայտարարութիւններ ստանալ մեր երկրագունդի որեւէ մէկ անկիւնէն:
Եթէ որոշ յոռետեսներ սուգ ու շիւան, լաց ու կոծ բարձրացուցին թէ արդէն տպագիր մամուլին ընթերցողներուն թիւը աղիտալիօրէն անկում կ’ապրի այսօր, միւս կողմէ մամուլին եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ բացուած են այնպիսի կարելիութիւններ՝ որոնց մասին երազել իսկ չէինք կրնար քսանամեակ մը առաջ: Որեւէ յօդուած կամ հարցազրոյց, որ կը տպուի եւ ապա լոյս կը տեսնէ համացանցային «պաշտօնական» էջի վրայ, անմիջապէս կը տեղադրուի «ֆէյսպուք»ի «թուիթըր»ի «լինք» եւ այլ բազմաթիւ կայքէջային թերթերու յօդուածներուն կողքին եւ միայն ժամուան մը մէջ կը տեսնենք թէ հարիւրաւոր, քիչ յետոյ հազարաւոր ընթերցողներ, երկրագունդի չորս ցամաքամասերէն արդէն իսկ ընթերցած են եւ իրենց հաւանութիւնն ու կարծիքները տեղադրած են յօդուածին ներքեւ, յստակ սիւնակի մէջ…: Այսօր արդէն համացանցերու կայքէջերու եւ այլ ելեկտրոնային «կառոյց»ներու հեղինակներն ու հեղինակային յօդուածներ տեղադրողները դարձած են «հերոսներ», միջազգային մակարդակի հանրաճանաչ թերթեր (ոչ միայն հայ) բազմալեզու ընթերցողներու բանակին հետ կը ստեղծեն մարդկային ջերմ յարաբերութիւններու կամուրջներ նաեւ:
Քանի որ աշխարհը եւ մարդկային քաղաքակրթութիւնը համաստեղային արագութեամբ կ’ընթանայ եւ տիեզերային գիտութեան գաղտնիքներ ոչ միայն կ’օգտագործուին հիւլէական ռումբեր պատրաստելու, այլեւ գերարագ հաղորդակցութեան միջոցներ ստեղծելու, որոնք նաեւ մեծապէս կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ համազգային զօրաշարժի ենթարկելու համայն հայութիւնը՝ ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 2016-ի ապրիլեան չարաբաստիկ պատերազմի օրերուն, երբ հայ ժողովուրդի քաջազուն զաւակները մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցան, ժամը ժամին տեղեկացուած լինելով ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու մասին՝ շնորհիւ աշխարհի չորս ծագերը սփռուող ձեռքի շարժական եւ «խելացի» հեռախօսներու համացանցային էջերուն ու կոչերուն:






